ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

«Գանձեր Հայաստանի ազգային գրադարանի. հնատիպ գիրք» պատկերագիրքի շնորհանդէս

ապր 16, 2025 Նորություններ Պաշտոնական

IMG-0387-1-1

 

Ապրիլ 15-ին Գրատպութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Գանձեր Հայաստանի ազգային գրադարանի. հնատիպ գիրք» պատկերագիրքի շնորհանդէսը։ Պատկերագիրքը նուիրուած է Հայաստանի ազգային գրադարանի պետական կարգավիճակ ստանալու 105-ամեակին եւ կ'ամփոփէ Գրադարանի հնատիպ գիրքի (1512-1800) հաւաքածոյի 592 միաւորներու մատենագիտական նկարագրութիւնները, անոնց շքեղ գունաւոր լուսանկարները։

Գիրքը տպագրուած է 2024 թուականին՝ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան դրամաշնորհով, «Գիրք» հրատարակչութեան մէջ։ Գիրքը կազմած են Ալիսա Ադամեանը եւ Ռուզաննա Եկորեանը։ Ծանօթագրութիւններու հեղինակն է ՀԱԳ գիտական գծով փոխտնօրէնուհի Հայկանոյշ Ղազարեանը։ Թարգմանութիւնը իրականացուցած են ՀԱԳ Արտաքին կապերու բաժնի աշխատակիցներ Ճուլիա Աղաբէկեանը եւ Իտա Մարգարովան։ Լուսանկարներու հեղինակներն են ՀԱԳ հանրային կապերու բաժնի աշխատակիցներ Արտիոմ Յակոբեանը եւ Մեսրոպ Մեսրոպեանը։ Գիրքին ձեւաւորումը՝ Մկրտիչ Մատթէոսեանի։

Շնորհանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ ներկաները ողջունեց պատկերագիրքի գլխաւոր խմբագիր, ՀԱԳ տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը։ «Կ'ուզեմ խօսիլ այն հսկայածաւալ աշխատանքին մասին, որ մէկ տարուան ընթացքին կատարած է գիրքին հեղինակային կազմը եւ շնորհակալութիւն յայտնել բոլորին։

Այս հրատարակութիւնը բացառիկ է այն բանով, որ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուցած ենք գրադարանին մէջ պահուող 592 անուն հնատիպ հրատարակութիւններու (գիրք, մամուլ, քարտէս, հմայիլ) մատենագիտական նկարագրութիւնները հայերէնով եւ անգլերէնով, ինչ որ միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ հայ գիրքի ճշգրիտ նկարագրութեան եւ համապարփակ ներկայացման համար մեծ կարեւորութիւն ունի։ «Կը շնորհաւորեմ բոլորս այս կարեւոր աշխատանքին համար։ Յոյս ունիմ, որ հրատարակութիւնը շարունակական ըլլայ։ Ան հրաշալի նուէր մըն է ոչ միայն գիտական հասարակայնութեան, այլեւ իւրաքանչիւր ընթերցողի համար։ Մենք գիրքի ժողովուրդ ենք, մեզի համար գիրքը տեսանելի միւռոնն է, եթէ մենք կապուած ենք գիրքին, մեր կեանքը անպայման օրհնուած կ'ըլլայ», ըսաւ գիրքի գիտական խմբագիր Զաքարիա ծայրագոյն վարդապետ Բաղումեանը։

Անձեռնմխելի գրականութեան բաժնի վարիչ Ալիսա Ադամեանը իր խօսքին մէջ նշեց. «Պէտք է սիրով յիշենք այն երջանկայիշատակ մատենագէտները, որոնք կազմած են մինչ այս տպագրուած հայ գիրքի մատենագիտութիւնները. անոնք մեր սեղանի դասագիրքերը եղած են։ Անոնց կատարած աշխատանքէն այսօր ալ կ'օգտուինք գրեթէ ամէն օր։

«Գանձեր Հայաստանի ազգային գրադարանի. հնատիպ գիրք» պատկերագիրքի կարեւորութեան մասին խօսեցաւ նաեւ հայագէտ, մատենագէտ, թարգմանիչ Միհրան Մինասեանը։ «Պատկերագիրքի կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ այն է, որ մատենագիտական նկարագրութիւնները եւ ծանօթագրութիւնները կ'ուղեկցուին գիրքերու ֆիզիքական պատկերներով, ինչ որ թոյլ կու տայ հետեւիլ հայ գրքարուեստի զարգացման ուղիին՝ տպագրական արհեստագիտութեան, ձեւաւորման եւ նկարազարդման արուեստին եւ գեղարուեստական առանձնայատկութիւններուն։ Հայկական տպագրական աւանդոյթը սոսկ պատմական արժէք չէ, այլ՝ կենսունակ մշակոյթ, որ իր նպաստը կը բերէ համաշխարհային գրականութեան ու գիտութեան: