Հեռախոսահամար
Գրադարան մուտք գործելու եւ ծառայութիւններէն օգտուելու համար անհրաժեշտ է ունենալ ընթերցողական քարտ։
Ընթերցողական քարտ ձեռք բերելու համար կրնաք լրացնել առցանց յայտը կամ մօտենալ ընթերցողներու գրանցման եւ բաժանմունքներու ենթաբաժին (վարչական մասնաշէնք, առաջին յարկ) ։
Գրադարանային փաստաթուղթերուն հիմնական մասը կը սպասարկուի գրադարանէն ներս։ Ամբողջ գրականութիւնը (բացառութեամբ յատուկ պահպանուող հաւաքածոյէն) անվճար հասանելի է ընթերցողին՝ գրադարանին 10 ընթերցասրահներուն մէջ։
Գրադարանին տարածքէն դուրս գրականութիւնը կը սպասարկուի միայն բաժանմունքի ծառայութեամբ ։
Ընթերցասրահէն ներս ուտելը եւ տարատեսակ հեղուկներ օգտագործելը արգիլուած է։
Արտօնուած է միայն ջուր խմելը։
Գրականութեան մեծ մասը կը պահուի գրապահոցներուն մէջ, ուստի նախապէս պէտք է ձեւակերպել ապսպրանքը: Զանոնք տեսնելու համար անհրաժեշտ է նախապէս ապսպրել։
Իւրաքանչիւր միաւորի մասին տեղեկութիւնը հասանելի է թէ՛ առցանց , թէ՛ տպագիր գրացուցակներուն վրայ ։
Առանց նախապէս ապսպրելու՝ հնարաւոր է օգտուիլ միայն ընթերցասրահներու առձեռն պահոցներէն։
Ժամանակ խնայելու համար կրնաք կատարել առցանց ապսպրանք օրուան որեւէ ժամու՝ հաշուի առնելով, որ ապսպրուած գրականութիւնը կը սպասարկուի 15 րոպէէն մինչեւ 1 ժամուան ընթացքին, եթէ ապսպրանքը կատարուած է երկուշաբթիէն ուրբաթ ժամը 09։00-էն 16։30-ի միջեւ։
16։30-էն ետք կամ ոչ աշխատանքային օրերուն կատարուած ապսպրանքները կը սպասարկուին յաջորդ աշխատանքային օրը առաւօտուն։