Հեռախոսահամար
• «ISBN». գիրքի միջազգային օրինաչափ թուանիշ
«ISBN»-ը գիրքին նոյնացնումը հաստատող հակիրճ, մեքենայաընթեռնելի թուանիշ մըն է: Անիկա եզակի է իւրաքանչիւր հրատարակութեան համար եւ կարեւոր նշանակութիւն ունի գիրքերու տպագրութեան, վաճառքի, վիճակագրութեան եւ մատենագիտական տուեալներու պահպանման, ինչպէս նաեւ գրադարանային ոլորտէն ներս տեղեկատուութիւն համակարգելու համար: «ISBN» ստացող հրատարակութիւններու օրինակներ. տպագրուած գիրքեր եւ գրքոյկներ, Պրէյլային հրատարակումներ, քարտէսներ, ելեկտրոնային հրատարակութիւններ կրիչներու վրայ, առցանց հրատարակումներ, առանձին հրատարակութիւններու թուայնացուած օրինակներ, մանր հրատարակութիւններ, համակցուած հրատարակութիւններ, ուր գլխաւոր բաղադրիչը բովանդակութիւնն է: «ISBN» համակարգը Հայաստանի մէջ կը գործէ 1998 թուականի յունուարէն ի վեր:
«ISBN» թուանիշերու, դիմումներ լրացնելու եւ ներկայացնելու կարգին առնչուող տեղեկատուութեան եւ խորհրդատուութեան համար հաճեցէ՛ք հեռաձայնել 010 52 98 14 թիւին:
Հրատարակութիւններու ցուցակագրման դիմումներու նախնական տեսքին կրնաք ծանօթանալ՝
• «ISMN» երաժշտական հրատարակութիւններու միջազգային օրինաչափ թուանիշ
«ISMN»-ը կը կիրառուի նօթագրուած երաժշտական հրատարակութիւններու նոյնացնումը հաստատելու համար: Հրատարակութեան իւրաքանչիւր բաղկացուցիչ մաս, որ առանձին կիրառելի է, պէտք է ստանայ իր եզակի «ISMN» թուանիշը: «ISMN» թուակարգ ստացող նիւթերը կը ներառեն ձայնական նօթաշարեր, մանրանուագներ (էթիւտներ), երաժշտական դերերգերու հաւաքածոյ, հատընտիրներ, նօթաներով երգերու ժողովածոներ, Պրէյլային երաժշտական հրատարակութիւններ, երաժշտական ելեկտրոնային հրատարակութիւններ: «ISMN» թուանիշը նախատեսուած չէ ձայներիզներու կամ տեսերիզներու համար: «ISMN» թուանիշը չի կիրառուիր նաեւ երաժշտութեան մասին գիրքերու նոյնացնումը հաստատելու համար: «ISMN» միջազգային գործակալութեան հետ հայաստանեան գրասենեակը պայմանագիր կնքած է 2002 թուականի օգոստոսին:
«ISMN» թուանիշերու, դիմումներ լրացնելու եւ ներկայացնելու կարգին առնչուող տեղեկատուութեան եւ խորհրդատուութեան համար հաճեցէ՛ք հեռաձայնել 010 52 98 14 թիւին:
Հրատարակութիւններու ցուցակագրման դիմումներու նախնական տեսքին կրնաք ծանօթանալ՝
• «ISSN». պարբերականներու միջազգային օրինաչափ թուանիշ
«ISSN» թուանիշը եզակիօրէն պարբերականներու կամ շարունակական բնոյթ ունեցող հրատարակութիւններու նոյնացնումը կը հաստատէ՝ անկախ հրատարակման ժամանակէն եւ թողարկման ձեւէն: Պարբերականը անսահմանափակ, անորոշ ժամկէտով թողարկուող, իրարու յաջորդող առանձին մասերէ բաղկացած հրատարակութիւն է: «ISSN» կրնան ստանալ նաեւ մատենագիտական շարքերը եւ շարունակաբար թարմացուող նիւթերը: Գովազդային նիւթերուն, առցանց օրագիրներուն կամ անհատական էջերուն եւ լոկ յղումներէ բաղկացած կայքերուն «ISSN» չի տրամադրուիր: «ISSN» համակարգը Հայաստանի մէջ ներդրուած է 2004 թուականի յունուարէն ի վեր:
«ISBN» թուանիշերու, դիմումներ լրացնելու եւ ներկայացնելու կարգին առնչուող տեղեկատուութեան եւ խորհրդատուութեան համար հաճեցէ՛ք հեռաձայնել 010 52 98 14 թիւին:
• «DOI». նիւթերու թուային նոյնացնումը հաստատող
«DOI» համակարգը Հայաստանի մէջ կիրառելու նպատակաւ՝ 2020 թուականի հոկտեմբերին, Հայաստանի ազգային գրադարանը պայմանագիր մը կնքեց «Cross Ref» ընկերութեան հետ: «DOI»-ը թուային տիրոյթէն ներս նիւթերու թուակարգման համակարգ մըն է, որ կը հաստատէ նիւթերու նոյնացնումը, բովանդակութեան եւ հիմնապաշարներու կառավարման գործընթացը, եւ մեծապէս կը դիւրացնէ գիտական նիւթերու որոնումն ու մէջբերումը:
«DOI»-ի կարեւորութիւնը հրատարակիչներուն եւ հեղինակներուն համար՝
«DOI» թուանիշի առաւելութիւնները օգտատէրերուն համար՝
«DOI» թուանիշերու, դիմումներ լրացնելու եւ ներկայացմնելու կարգին առնչուող տեղեկատուութեան եւ խորհրդատուութեան համար հաճեցէ՛ք հեռաձայնել 010 52 98 14 թիւին: