Հայաստանի Ազգային գրադարանը (ՀԱԳ) հայկական տպագիր արտադրանքի աշխարհի խոշորագոյն պահոցն է, ինչպէս նաեւ ազգային գրադարանագիտութեան կեդրոնը։ Իբրեւ գիտակրթական, մշակութային եւ տեղեկատուական հաստատութիւն՝ ՀԱԳ-ը կը ստեղծէ հայ տպագիր մշակութային ժառանգութեան հաւաքագրման, մշակման, պահպանման եւ տարածման անհրաժեշտ պայմանները։ ՀԱԳ-ը ազգային մատենագիտական կեդրոն մըն է, որ կ’իրականացնէ Հայաստանի Գրապալատի գործառոյթը։
Ազգային գրադարանին պահոցները ձեւաւորուած են երեւելի պետական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներու անձնական գրադարաններուն, ինչպէս նաեւ կրթական եւ ուսումնական հիմնարկութիւններու նուիրատուութիւններուն հիման վրայ։
Գրադարանը ունի հարուստ պահոց մը՝ բաղկացած բազմազան հաւաքածոներէ. ձեռագիրներ, գիրքեր, հանդէսներ, պարբերականներ, ատենախօսութիւններ ու սեղմագիրներ, ոչ գրքային հրատարակութիւններ եւ այլն: Յատկապէս կ’առանձնանան առաջին հայերէն տպագիր գիրքը՝ «Ուրբաթագիրքը» (Վենետիկ, 1512), առաջին հայ պարբերականը՝ «Ազդարարը» (Մատրաս, 1794-1796) եւ հայերէն առաջին տպագիր քարտէսը՝ «Համատարած աշխարհացոյցը» (Ամսթերտամ, 1695)։ 2012 թուականէն ի վեր ՀԱԳ-ի եզակի հաւաքածոները հանրութեան հասանելի դարձնելու համար որդեգրուած է պահոցները թուայնացնելու ռազմավարութիւնը։ Այսօր հայ գիրքի ու պարբերական արտադրանքի ելեկտրոնային հաւաքածոները կը կազմեն թուայնացուած տասնեակ միլիոնաւոր էջեր։
ՀԱԳ-ի պատմութեան սկիզբը ընդունուած է համարել 1832 թուականը, երբ հիմնադրուեցաւ Երեւանի արական մարզարանը, որուն հաւաքածոյին (18․000 միաւոր) հիման վրայ ձեւաւորուեցաւ Հայաստանի Ազգային գրադարանը։ 1919 թուականի յուլիս 4-ին ընդունուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական-հանրային մատենադարանին մասին» Հայաստանի օրէնքը, որմով պետական-մատենադարան-գրադարանը անցաւ Հայաստանի հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարարութեան իրաւասութեան տակ․ այդ օրուընէ յուլիս 4-ը կը նշուի որպէս Հայաստանի Ազգային գրադարանի օր։ 2019 թուին լրացաւ յիշեալ օրէնքին ընդունման 100 ամեակը։
Գրադարանը կը զբաղեցնէ չորս մասնաշէնք․ ամէնէն հինը՝ գլխաւոր մասնաշէնքը, կառուցուած է 1939 թուին՝ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի նախագիծով։ Շէնքը ունի առանձնայատուկ տարածաճարտարապետական ոճ․ հայկական ճարտարապետութեան միջնադարեան եզակիութեան սկզբունքը նոր մեկնաբանում ու որակ ստացաւ՝ հաստատուելով որպէս «թամանեանական ոճ»։ Գրադարանին գլխաւոր մասնաշէնքը ունի պատմամշակութային յուշարձանի կարգավիճակ։
2017 թուականին Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս բացուեցաւ Գրատպութեան թանգարանը, ուր գրահրատարակչութեան պատմութիւնը ներկայացուած է վեց դահլիճներու մէջ․ Գիրի ակունքներ, Հայոց այբուբեն, Հայ գրատպագրութեան առաջնեկներ, Հայկական գրատպութեան սփիւռք, Գրահրատարակչութիւն եւ Գիրի յաւերժութիւն։ Որպէս ցուցանմոյշ՝ թանգարանէն ներս ներկայացուած են հազուագիւտ գիրքեր, գիրքի տպագրական մեքենաներ, եզակի քլիշէներ եւ այլն։
Հայաստանի Ազգային գրադարանը կը համագործակցի աշխարհի բազմաթիւ ազգային եւ յառաջատար գրադարաններու հետ։ Միջազգային գրափոխանակութեան միջոցաւ ՀԱԳ-ի հաւաքածոները ամէն տարի կը համալրուին համաշխարհային գրականութեան նմոյշներով։ Գրադարանը կը համագործակցի Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, հայկական սփիւռքի ներկայացուցչութիւններու հետ՝ նպաստելով հայկական տպագիր մշակութային ժառանգութիւնը աշխարհով մէկ տարածելուն։