ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

 

ԳՐԱԴԱՐԱՆԷՆ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

 

Հայաստանի ազգային գրադարանը կը ձգտի ապահովել հնարաւոր լաւագոյն պայմանները իր ընթերցողներուն հետազօտական եւ ուսումնական գործունէութեան համար՝ ստեղծելով հանգիստ եւ յարմար միջավայր մը սպասարկման ստորաբաժանումներէն ներս։ 

Այդ նպատակաւ ՀԱԳ-ը սահմանած է գրադարանէն օգտուելու կանոններ, որոնք կ’օգնեն անխափան իրականացնելու մեր առաքելութիւնը, ապահովելու հաւաքածոներուն անվնաս պահպանութիւնն ու պաշտպանելու օգտուողներուն եւ աշխատակիցներուն իրաւունքները։ 

Ընդհանուր տեղեկութիւն

1.1. Հայաստանի ազգային գրադարանը գիտակրթական, մշակութային, տեղեկատուական խոշոր հաստատութիւն մըն է, Հայաստանի Հանրապետութեան գրքային ժառանգութեան եւ փաստաթուղթերու (վաւերագիրներու) պարտադիր օրինակի հաւաքածոն պահպանող գլխաւոր գրադարանը:                                                     
1.2. Հիմնադրուած է 1832 թուին, պետական կարգավիճակ ստացած է 1919 թուին:                                                     
1.3. Ազգային գրադարանի ամբողջական հաւաքածոն կը կազմէ աւելի քան 6 միլիոն հաշուառային միաւոր, ներառեալ՝ գիրք, ամսագիր, թերթ, քարտէս, պատկերագիրք, ատենախօսութիւն, սեղմագիր, ազդ, մանրաժապաւէն, բացիկ, ելեկտրոնային կրիչ եւ այլն:                                                     
1.4. Տպագիր արտադրանքի եւ ելեկտրոնային կրիչներու վերոնշեալ տեսականիին հետ իւրաքանչիւր շփում օգտուողին համար ե՛ւ տեղեկատուութիւն է, ե՛ւ անձնական պատասխանատուութիւն: Ուստի զանոնք սպասարկելու, պահպանելու եւ յետագայ սերունդներուն աւանդելու նպատակաւ կը ներկայացուին օգտուելու կանոնները՝ ընթերցողներուն օգնելու, սպասարկման առանձնայատկութիւններուն ծանօթացնելու եւ սահմանուած կարգը պահպանելու մտադրութեամբ:            
1.5. Հայաստանի ազգային գրադարանի ծառայութիւններէն կրնան օգտուիլ 16 տարեկանը բոլորած Հայաստանի բոլոր քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ այլ երկրներէ Հայաստան ժամանած հիւրերը:           
1.6.  Հասցէն՝ Երեւան 0009, Տէրեան 72, կայքը՝ «www.nla.am», ելեկտրոնային հասցէն՝ «[email protected]»։    

Գրադարանէն օգտուելու համար անհրաժեշտ է

2.1. Ձեռք բերել Հայաստանի ազգային գրադարանի ընթերցողական քարտ՝ սպասարկման բաժինի «Ընթերցողներու գրանցման եւ բաժանումներու» ենթաբաժին ներկայացնելով անձնագիր, 1 լուսանկար /3x4/:          
2.2. Քարտ ձեռք բերել հնարաւոր է նաեւ «nla.am» կայքին վրայ նախապէս լրացնելով առցանց գրանցման յայտը։ Աշխատակիցը մինչ ընթերցողին գրադարան գալը կը գրանցէ զինք համակարգէն ներս, պատասխան նամակով մը կ’ուղարկէ անհրաժեշտ տեղեկութիւնը եւ ապսպրելու ուղեցոյցը։ Ընթերցողը նախապէս կրնայ ապսպրել գրականութիւնը առցանց, այնուհետեւ գալ գրադարան, ստանալ քարտը գրանցման ենթաբաժինէն եւ երթալ ընթերցասրահ՝ ապսպրած գրականութիւնը ընթերցելու։

Ընթերցողական քարտ

3.1. ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻ՝   

  • գրադարան մուտք գործելու,
  • գրականութիւն ապսպրելու,
  • ապսպրած եւ առձեռն պհաուստներու գրականութենէն օգտուելու,   
  • գրադարանի առանձին կառուցուածքային ստորաբաժանումներ մուտք գործելու եւ ատոնց ծառայութիւններէն օգտուելու համար:

3.2 ԽՍՏԻՒ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ Է՝

  • ընթերցողական քարտը ուրիշին տալ,
  • ուրիշին քարտով գրադարան մուտք գործել եւ օգտուիլ գրադարանին ծառայութիւններէն, 
  • քարտը այլ նպատակով գործածել,
  • քարտին արտաքին տեսքը խեղաթիւրել:         
     

Ծանօթութիւն. – Գրադարանէն ներս գրանցուող այցելուին ընթերցողական քարտը կը տրուի անվճար։ Ընթերցողական քարտը կորսնցնելու կամ փճացնելու պարագային՝ ընթերցողը պարտաւոր է յայտնել գրադարանի ընթերցողներու գրանցման եւ բաժանումներու ենթաբաժինի աշխատակիցին: Ընթերցողական քարտը կորսնցնելու պարագային՝ զայն վերականգնելու համար ընթերցողը առաջին անգամ կը վճարէ տուգանք՝ 1.000 դրամ, իւրաքանչիւր յաջորդ անգամ՝ 3.000 դրամ։

Ընթերցողներու սպասարկումը

4.1. Կ’իրականացուի գրադարանի սպասարկման բաժինի ընթերցասրահներէն ներս՝                   
* Գիտական եւ ընթացիկ մամլոյ ընթերցասրահ,                   
* Ընդհանուր ընթերցասրահ,                                                         
* Արեւ» կոյր եւ տեսողական խնդիրներ ունեցողներու ընթերցասրահ,                   
* Սեղմագիրներու եւ ատենախօսութիւններու ընթերցասրահ,                    
* Ընթերցողներու գրանցման եւ բաժանումներու ենթաբաժին,                   
* Համակարգչային ընթերցասրահ,                   

4.2. Պահուստային այլ ստորաբաժանումներէ ներս՝                   
* Արուեստի, գրականութեան եւ ոչ գրքային հրատարակութիւններու բաժին,                    
* Ձայնանիշային-երաժշտական գրականութեան ենթաբաժին,                   
* Անձեռնմխելի գրականութեան բաժին,                   
* Մատենագիտութեան եւ գրադարանագիտութեան բաժին։

Օգտուելու կարգը

5.1. Անհրաժեշտ գրականութիւնը ստանալու համար ընթերցողը կը լրացնէ այն ընթերցասրահի ապսպրանքի թերթիկը, որմէ ինք կ’օգտուի: Ապսպրանքի թերթիկը անհրաժեշտ է լրացնել պարզ, ընթեռնելի եւ այն լեզուով, որմով հրատարակուած է տուեալ միաւորը:                   
5.2. Սպասարկուող իւրաքանչիւր միաւորի համար կը լրացուի մէկական ապսպրանքի թերթիկ:                    
5.3. Ընթերցողը լրացուած ապսպրանքի թերթիկը ընթերցողական քարտին հետ կը ներկայացնէ ընթերցողներու գրանցման եւ բաժանումներու ենթաբաժինի աշխատակիցին՝ ապսպրանքի թերթիկին ճշդութիւնը ստուգելու եւ պահանջուած գրականութեան սպասարկման ժամը իմանալու համար:                    
5.4. Ընթերցողը կրնայ օգտուիլ ելեկտրոնային համահաւաք գրացուցակէն եւ կատարել ելեկտրոնային ապսպրանք՝ օգտագործելով գրանցման ատեն իրեն համար բացուած առցանց հաշիւը, իրեն տրուած ուղեցոյցը եւ գաղտնաբառը:                   
5.5. Ապսպրուած գրականութիւնը ընթերցողը կը ստանայ համապատասխան ընթերցասրահէն ներս:                   
5.6. Գրապահոցէն սպասարկուած միաւորները գիտական ընթերցասրահէն ներս կը պահուին 30 օր, իսկ ընդհանուր եւ ընթացիկ մամլոյ ընթերցասրահներէն ներս՝ 15 օր:    
Ծանօթութիւն.     
* Ապսպրուած միաւորին սահմանուած ժամկէտը լրանալէ ետք, եթէ ընթերցողը կը ցանկայ շարունակել տուեալ միաւորներէն օգտուիլ, ապա կը կատարէ նոր ապսպրանք մը եւ այդ մասին տեղեակ կը պահէ ընթերցասրահի աշխատակիցին: 
* Եթէ ընթերցողը ապսպրած գրականութեան գործածումը աւարտէ ժամկէտէն շուտ, կը յայտնէ ընթերցավարին՝ զայն գրապահոց վերադարձնելու համար:    
5.7. Գրապահոցէն դուրս տրուած գրականութենէն օգտուելու իրաւունքը առաջին հերթին կը վերապահուի զայն ապսպրողին, այնուհետեւ կը սպասարկուի ընդհանուր կարգով:                   
5.8. Ընթերցողը համապատասխան գրականութիւն ստանալու համար ընթերցասրահի աշխատակիցին կը ներկայացնէ ընթերցողական քարտը, ապա կը ստանայ գրականութիւնը:                   
5.9. Ընթերցողը ապսպրուած միաւորը ստանալու ատեն պարտաւոր է ստուգել զայն եւ թերութիւններուն (պակաս էջեր, նկարներ, ընդգծումներ, նշումներ լուսանցքներէն ներս եւ այլն) մասին յայտնել ընթերցասրահի աշխատակիցին: Հակառակ պարագային՝ վերադարձի պահուն յայտնաբերուած թերութիւններուն համար կը կրէ պատասխանատուութիւն:                   
5.10. Գրականութենէն օգտուելէ ետք, ընթերցողը ապսպրած միաւորը կը յանձնէ ընթերցասրահի աշխատակիցին, գրադարանավարը ընթերցողին կը վերադարձնէ ընթերցողական քարտը:                   
5.11. Սպասարկման բաժինի ընթերցասրահներէն ներս չեն սպասարկուիր հնատիպ, հազուագիւտ, անձեռնմխելի եւ արխիւային գրականութիւնը, կերպարուեստի նիւթերը, մեծարժէք շքեղ հրատարակութիւնները, քարտէսները, ձայնանիշերը: Վերոյիշեալ նիւթերը կը սպասարկուին համապատասխան բաժիններու ընթերցասրահներէն ներս:

Արգիլուած է

6.1. Ընթերցողական քարտը ուրիշին տալը, այլ նպատակով գործածելը, ուրիշին քարտով գրադարան մուտք գործելով գրադարանին ծառայութիւններէն օգտուիլը, քարտին արտաքին տեսքը խեղաթիւրելը՝ փոփոխութիւններ, լրացումներ, նշումներ կատարելը, ծալելը, կտրելը:                   
6.2. Գրադարանէն եւ ընթերցասրահներէն գիրքեր, տպագիր արտադրանք եւ ելեկտրոնային կրիչներ դուրս բերելը:                   
6.3. Տպագիր փաստաթուղթի էջերը ծալելը, նշումներ եւ ընդգծումներ կատարելը գիրքին էջերուն վրայ, տպագիր փաստաթուղթին մէջ զանազան իրեր դնելը, խոնաւ կամ ոչ մաքուր մատներով էջերը թերթելը:      
6.4. Տպագիր գրացուցակին քարտերը հանելը կամ տեղափոխելը եւ նշումներ կատարելը քարտերուն վրայ:                                                         
6.5. Ընթերցողները սպասարկելու համար յատկացուած համակարգիչներուն մէջ ծրագրային կամ համակարգային փոփոխութիւններ կատարելը, արտաքին յիշողութեան կրիչներ միացնելը:                   
6.6. Գրադարանէն ներս յայտարարութիւններ, գովազդային բնոյթի եւ այլ տարատեսակ փաստաթղթային նիւթեր փակցնելը, առեւտուրով զբաղիլը:                   
6.7. Գրադարանի տարածքէն ներս եւ ընթերցասրահներէն ներս իրականացնել դասախօսութիւններ, դասեր, շրջայցեր, նկարահանումներ եւ այլն՝ առանց գրադարանի ղեկավարութեան արտօնութեան։                   
6.8. Խմբային պարապմունքներ իրականացնելը, բարձրաձայն խօսիլը, բարձրաձայն ընթերցելը, աղմուկ յառաջացնող որեւէ այլ գործողութիւն կատարելը ընթերցասրահներէն ներս, հասարակական կարգը խախտելը:                   
6.9. Գրադարանի աշխատակիցներուն եւ օգտուողներուն վիրաւորելը կամ անախորժութիւններ պատճառելը:                   
6.10. Ընթերցողին կողմէ այլ ընթերցողներուն նկատողութիւն ընելը. որեւէ խնդրի պարագային դիմել միայն աշխատակիցներուն:                   
6.11. Ընթերցասրահէն ներս սնուիլը եւ տարատեսակ հեղուկներ օգտագործելը (սնուիլ արտօնուած է միայն ատոր համար յատկացուած վայրէն ներս, հեղուկներէն արտօնուած է միայն ջուրը):                   
6.12. Գրադարանի ծառայողական տարածքներ մուտք գործելը:                   
6.13. Գրադարանին գոյքը, շէնքը, տարածքը աղտոտելը, փճացնելը, վնասելը, ցուցահանդէսային ցուցափեղկերուն վրայ իրեր դնելը, յենուիլը, պատուհաններու խորշերուն մէջ նստիլը:                    
6.14. Գրադարանին տարածքէն ներս գտնուիլը այցելուներու սպասարկման ժամերէն դուրս:                    
6.15. Գրադարանի տարածք կենդանիներու հետ մուտք գործելը (բացառութեամբ հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց ուղեկցորդ շուներէն):                   
6.16. Ծխելը գրադարանին շէնքէն, շինութիւններէն եւ բակէն ներս: Գրադարանի տարածքէն ներս ծխող ընթերցողներուն ընթերցողական քարտը կ’արգելափակուի, եւ ընթերցողը կ’ենթարկուի պատասխանատուութեան՝ համաձայն «Ծխախոտային արտադրատեսակներու եւ ատոնց փոխարինիչներու օգտագործման հետեւանքով առողջութեան հասցուող վնասի նուազեցման եւ կանխարգելման մասին» ՀՀ օրէնքի եւ ՀՀ Առողջապահութեան նախարարի 27.05.2020 թուականի 14-Ն հրամանին:                   
6.17. Անվայելուչ տեսքով՝ պատռուած հագուստով, բոպիկ, կիսամերկ կամ առանց հագուստի, ակնյայտ հակառողջապահական եւ անսթափ վիճակի մէջ գրադարան մտնելը:                    
6.18. Որեւէ տեսակի ոգելից խմիչք եւ թմրանիւթ գրադարանի տարածք բերելը:                   
6.19. Գրադարանի տարածք բերելը որեւէ տեսակի ռազմամթերք, թմրանիւթ, սառն զէնք (շեղբաւոր եւ նետողական դանակներ, սուրեր, դաշոյններ եւ այլն), ազդանշանային, վառելանիւթային, անփող, օդաճնշիչ զէնք, որեւէ տեսակի հրազէն, փամփուշտ եւ այլ վտանգաւոր նիւթեր եւ իրեր, որոնք կրնան վնաս հասցնել գրադարանի աշխատակիցներուն եւ այցելուներուն, ինչպէս նաեւ գրադարանէն ներս գտնուող նիւթերուն եւ մշակութային արժէքներուն:                    
6.20. Անձնական իրերը ընթերցասրահներէն, գրադարանի տարածքէն ներս թողելը (աշխատակիցները պատասխանատուութիւն չեն կրեր ատոնք կորսուելու կամ վնասուելու պարագային):                   
6.21. Նշուած սահմանափակումները խախտելու պարագային՝ առաջին անգամ կը կատարուի բանաւոր նախազգուշացում մը, երկրորդ անգամ՝ ընթերցողին ընթերցողական քարտը կ’արգելափակուի՝ համաձայն 7.4 կէտին:                  
6.22. Խախտել վարչական իրաւախախտումներուն վերաբերեալ ՀՀ օրէնքը, որուն պարագային՝ ընթերցողը կ’ենթարկուի պատասխանատուութեան համապատասխան օրէնքին համաձայն։

Օգտուելու կանոններու խախտումը

Սոյն կանոնները խախտելու եւ գրադարանին նիւթական ու բարոյական վնաս հասցնելու պարագային՝ օգտուողները կը կրեն վարչական, նիւթական եւ քրէական պատասխանատուութիւն:                   
7.1. Անփոյթ վերաբերմունքի հետեւանքով տպագիր միաւոր փճացուցած, աղճատած ընթերցողը պարտաւոր է զայն փոխարինելու միեւնոյն հրատարակութեամբ:                   
7.2. Գրադարանին գոյքը եւ սարքաւորումները փճացուցած ընթերցողները կը վճարեն ատոնց վերականգնման համար անհրաժեշտ ամբողջ գումարը                   
7.3. Միտումնաւոր փճացուցած գրականութեան համար ընթերցողը կ’ենթարկուի քրէական պատասխանատուութեան:                   
7.4. Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս սահմանուած կարգը խախտելու պարագային ընթերցողին ընթերցողական քարտը կ’արգելափակուի՝ տնօրէնութեան որոշած ժամկէտով:

Աշխատանքային ժամերը

8.1. Ընդհանուր, գիտական եւ ընթացիկ մամլոյ ընթերցասրահները բաց են՝                    
երկուշաբթիէն ուրբաթ՝   09։00 – 21։00                   
շաբաթ    09։00 – 20։00                   
կիրակի   09։00 - 17։00                   
8.2. Սեղմագիրներու եւ ատենախօսութիւններու ընթերցասրահը՝                   
Երկուշաբթիէն կիրակի՝  09։00 – 17։30                   
8.3. Ընթերցողներու գրանցման եւ բաժանումներու ենթաբաժինը՝                   
երկուշաբթիէն ուրբաթ՝   09։00 – 17։30                   
շաբաթ   09։00 – 17։00                   
կիրակի գոց է:                    
8.4. Գրադարանի միւս բաժիններուն ընթերցասրահները՝                    
երկուշաբթիէն ուրբաթ՝   09։00 – 17։30                   
շաբաթ-կիրակի գոց են: