Հեռախոսահամար

 

ԳԻՏԱԺՈՂՈՎՆԵՐ

 

ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅԱՆՈՒՆ ԿԱՅՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅԻ


2022-ի սեպտեմբեր 29-էն հոկտեմբեր 1, «Հայաստանի ազգային գրադարան» պետական ոչ առեւտրային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Ժառանգութեան պահպանութիւն՝ յանուն կայուն ապագայի» միջազգային գրադարանային գիտաժողովը, որ նուիրուած էր հայ գրատպութեան 510-ամեակին, եւ դարձաւ միջազգային գրադարանային փորձի փոխանակման, նորարարութիւններու ներկայացման, ինչպէս նաեւ ընդունուած միջազգային չափանիշերու, կառավարման համակարգերու եւ գրադարանային արդի հարցերու քննարկման հարթակ մը։

Շուրջ երեք տասնեակ հայկական գրադարան եւ կազմակերպութիւն, տասնեակ ազգային եւ համալսարանական գրադարաններ, աշխարհի տարբեր երկրներէ, մասնակցեցան գիտաժողովին։ 

Գիտաժողովին նպատակն էր հայ գրատպութեան 510-ամեակին հանրահռչակումը, Հայաստանի ազգային գրադարանի միջազգային կապերուն ընդլայնումը, միջազգային գրադարանային-տեղեկատուական փորձի ներդրումը եւ Անկախ պետութեանց համագործակցութեան երկրներու գրադարաններուն միջեւ փոխադարձ կապերու ամրապնդումը։

2

 

3

 

ՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ԴԵՐԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԵՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ԵՒ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ.

 ԸՆՏԱՆԻՔ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ԵԿԵՂԵՑԻ

 


2019-ի նոյեմբեր 28-29-ին Ազգային գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայ մամլոյ դերը ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման գործին մէջ․ ընտանիք, հայրենիք, եկեղեցի» խորագրով համահայկական գիտաժողով մը: Անիկա նուիրուած էր հայերէն տպագիր մամլոյ սկզբնաւորման 225-ամեակին։ Առաջին պարբերական «ԱԶԴԱՐԱՐ»-ը լոյս տեսած է Մատրասի մէջ՝ 1794-1796 թուականներուն, 18 համարով /տետրակ/։ Գիտաժողովին մասնակցեցան եւ ելոյթներ ունեցան 42 զեկուցաբերներ Հայաստանի Հանրապետութենէն, սփիւռքէն եւ Արցախի Հանրապետութենէն։ Յօդուածները ամփոփուեցան գիտաժողովի նիւթերու ժողովածոյին մէջ։

 

 

 

ԱՆՑԵԱԼԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՆՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅԻ


 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ | Հոկտեմբեր 17-19, 2016թ.

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ | Հոկտեմբեր 6-7, 2014թ. 

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ | Հոկտեմբեր 5-7, 2012թ.

2