ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

 

ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ

 

2

 

ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ                     
 

                 
Պատմաբան, հայագէտ, հայ մամլոյ ուսումնասէր։


Հայաստանի ազգային գրադարանի աջակից եւ բարեկամ։ 2022 թուին՝ ան գրադարանին նուիրած է 81 անուանում՝ 137 միաւոր գրականութիւն, ներառեալ՝ գիրք, պարբերական, ազդագիր, հրաւիրատոմս եւ այլն։ Տարիներու ընթացքին՝ Գէորգ Եազըճեանը գրադարանը համալրած է աւելի քան 2.500 միաւոր գրականութեամբ։                     
 

 

2

 

ՊԱՐՈՅՐ ՀԱՅՐԻԿԵԱՆ

                 
Հայ քաղաքական գործիչ, խորհրդային նշանաւոր այլախոհ:


Հայ քաղաքական գործիչ, խորհրդային նշանաւոր այլախոհ, 1967 թուականէն ի վեր Ազգային միացեալ կուսակցութեան անդամ, այնուհետեւ՝ ղեկավար, Ազգային ինքնորոշում միաւորում կուսակցութեան առաջնորդ, ԽԸՀՄ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան շարժման հիմնադիր, գրող, երգահան։ Պարոն Հայրիկեանը տարիներ շարունակ հարստացուցած է գրադարանին հաւաքածոն, նուիրած է գիրքեր եւ յատկապէս ԱՄԿ եւ ԱԻՄ կողմէ հրատարակուած ինքնահրատ եւ պաշտօնական հրատարակութիւններ, ներառեալ՝ «Անկախութիւն», «Հայրենիք» եւ այլ պարբերականներ։                    
 

 

2

 

ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ

                 
Բանասէր, ֆիլմագէտ, պատմաբան, թարգմանիչ։


Կը զբաղի հայ մշակոյթի միջազգային առնչութիւններու եւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ հայազգի գործիչներուն ներդրած նպաստի վերհանմամբ եւ ուսումնասիրութեամբ (յատկապէս ֆիլմարուեստի բնագաւառէն ներս): Ան Ազգային գրադարանի հաւաքանին կը հարստացնէ հայերուն եւ Հայաստանին մասին միջազգային հրատարակութիւններով։                   
 

 

2

 

ՖԵԼԻՔՍ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ

                 
Հայ գրող, գրականագէտ, թարգմանիչ, Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ։


Ան կազմած եւ հրատարակած է Է. Մեժելայթիսի, Վ. Օսքոցելիի, Շ. Ազնաւուրի, Զահրատի, Զ. Խրախունիի, Ս. Կապուտիկեանի գիրքերը, կազմած է նաեւ լիթուանական բանաստեղծութեան ծաղկաքաղը: Հայերէնի թարգմանած է քարելա-ֆինլանտական «Քալեւալա (2005)» եւ լաթուիական «Լաչփլեսիս (2012)» ժողովրդական դիւցազներգութիւնները։