ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար


ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

 

Հայաստանի Ազգային գրադարանը (ՀԱԳ) հայկական տպագիր արտադրանքի աշխարհէն ներս խոշորագոյն պահոցն է, ինչպէս նաեւ ազգային գրադարանագիտութեան կեդրոնը։ Իբրեւ գիտակրթական, մշակութային եւ տեղեկատուական հաստատութիւն՝ ՀԱԳ-ը կը ստեղծէ հայ տպագիր մշակութային ժառանգութեան հաւաքագրման, մշակման, պահպանման եւ տարածման անհրաժեշտ պայմանները։    

Հայաստանի Ազգային գրադարանը կը համագործակցի աշխարհի բազմաթիւ ազգային եւ յառաջատար գրադարաններու հետ։ Միջազգային գրափոխանակութեան միջոցաւ ՀԱԳ-ի հաւաքածոները ամէն տարի կը համալրուին համաշխարհային գրականութեան նմոյշներով։ Գրադարանը կը համագործակցի Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, հայկական սփիւռքի ներկայացուցչութիւններու հետ՝ նպաստելով հայկական տպագիր մշակութային ժառանգութիւնը աշխարհով մէկ տարածելուն։   

Մեր առաքելութիւնն է.

  • ըլլալ երկրի յառաջընթացին անբաժանելի մասը՝ տեղեկատուական քաղաքականութեան, մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներէն ներս,
  • ըլլալ գիտելիքի տարածք՝ Հայաստանի հասարակութեան համար արժէք ստեղծող միջավայր մը,
  • ըլլալ յաճախորդներու պահանջքներուն միտուած հաստատութիւն մը,
  • ըլլալ հանրահասանելի ազգային հաստատութիւն մը, նպաստել երկրի նորարարութեան քաղաքականութիւնը իրականացնելուն, մրցակցային առաւելութիւնները բարձրացնելուն եւ գիտելիքի վրայ հիմնուած հասարակութիւն ձեւաւորելուն,
  • հանրահռչակել ազգային մշակութային ժառանգութիւնը, աջակցիլ մշակութային բովանդակութեան եւ ծառայութիւններու բազմազանութեան,
  • բարելաւել իրաւական եւ արհեստագիտական պայմանները՝ տեղեկատուութիւնը առաւել մատչելի դարձնելու համար:
nla-about.jpg