ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

 

ԳԻՏԱԺՈՂՈՎՆԵՐ

 

3

ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՈՒՆ` ՅԱՆՈՒՆ ԿԱՅՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅԻ

ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՀՐԱՒԷՐ

Յարգելի՛ գործընկերներ, 

Հայաստանի ազգային գրադարանը կը հրաւիրէ Ձեզ «Ժառանգութեան պահպանութիւն՝ յանուն կայուն ապագայի» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովին՝ նուիրուած Հայաստանի ազգային գրադարանի հիմնադրման 105-ամեակին։ Գիտաժողովը միտուած է միաւորելու ոլորտի յառաջատար եւ երիտասարդ մասնագէտները ամբողջ աշխարհէն՝ դառնալով հարթակ մը գրադարանային, թանգարանային, արխիւային, հրատարակչական եւ յարակից ոլորտներու միջազգային փորձի փոխանակման, արդի խնդիրներու քննարկման, նորարարութիւններու ներկայացման, ինչպէս նաեւ ընդունուած միջազգային ձեւաչափերու, կառավարման համակարգերու, արհեստագիտութեանց ներդրման փորձառութեան համար։ Գիտաժողովին մասին մանրամասն տեղեկատուութիւնը` այստեղ :

Գիտաժողովին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է լրացնել մասնակցութեան յայտը  եւ ուղարկել nlaconference2024@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին մինչեւ 15 ապրիլ 2024:

 

ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅԱՆՈՒՆ ԿԱՅՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅԻ


2022-ի սեպտեմբեր 29-էն հոկտեմբեր 1, «Հայաստանի ազգային գրադարան» պետական ոչ առեւտրային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Ժառանգութեան պահպանութիւն՝ յանուն կայուն ապագայի» միջազգային գրադարանային գիտաժողովը, որ նուիրուած էր հայ գրատպութեան 510-ամեակին, եւ դարձաւ միջազգային գրադարանային փորձի փոխանակման, նորարարութիւններու ներկայացման, ինչպէս նաեւ ընդունուած միջազգային չափանիշերու, կառավարման համակարգերու եւ գրադարանային արդի հարցերու քննարկման հարթակ մը։

Շուրջ երեք տասնեակ հայկական գրադարան եւ կազմակերպութիւն, տասնեակ ազգային եւ համալսարանական գրադարաններ, աշխարհի տարբեր երկրներէ, մասնակցեցան գիտաժողովին։ 

Գիտաժողովին նպատակն էր հայ գրատպութեան 510-ամեակին հանրահռչակումը, Հայաստանի ազգային գրադարանի միջազգային կապերուն ընդլայնումը, միջազգային գրադարանային-տեղեկատուական փորձի ներդրումը եւ Անկախ պետութեանց համագործակցութեան երկրներու գրադարաններուն միջեւ փոխադարձ կապերու ամրապնդումը։ 

Գիտաժողովի նիւթերու ժողովածոն հասանելի է այստեղ , յօդուածները՝ այստեղ ։ 

2

 

3

 

ՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ԴԵՐԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԵՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ԵՒ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ.

 ԸՆՏԱՆԻՔ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ԵԿԵՂԵՑԻ

 


2019-ի նոյեմբեր 28-29-ին Ազգային գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայ մամլոյ դերը ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման գործին մէջ․ ընտանիք, հայրենիք, եկեղեցի» խորագրով համահայկական գիտաժողով մը: Անիկա նուիրուած էր հայերէն տպագիր մամլոյ սկզբնաւորման 225-ամեակին։ Առաջին պարբերական «ԱԶԴԱՐԱՐ»-ը լոյս տեսած է Մատրասի մէջ՝ 1794-1796 թուականներուն, 18 համարով /տետրակ/։ Գիտաժողովին մասնակցեցան եւ ելոյթներ ունեցան 42 զեկուցաբերներ Հայաստանի Հանրապետութենէն, սփիւռքէն եւ Արցախի Հանրապետութենէն։ Յօդուածները ամփոփուեցան գիտաժողովի նիւթերու ժողովածոյին մէջ։

Գիտաժողովի նիւթերու ժողովածոն հասանելի է այստեղ ։

 

 

 

ԱՆՑԵԱԼԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՆՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅԻ


 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ | Հոկտեմբեր 17-19, 2016թ.

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ | Հոկտեմբեր 6-7, 2014թ. 

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ | Հոկտեմբեր 5-7, 2012թ.

2