ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

 

ԳՐԱՏՊՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

 


 

Գրատպութեան թանգարանը բաց է


 

  • Երեքշաբթի – կիրակի 10:00 - 16:00       
    Հանգստեան օր` երկուշաբթի       

    ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏՈՄՍԻՆ ԱՐԺԷՔԸ       
     
  • Դպրոցականներ եւ ուսանողներ՝ 400 դրամ
  • Մեծահասակներ՝ 700 դրամ 
  • Մինչեւ 12 տարեկան երեխաներ՝ անվճար
  • Ամէն ամսուան վերջին շաբաթ օրը՝ մուտքը ազատ է բոլորին համար  
2

 

3


 

Պատմութիւն


2017 թուականի սեպտեմբեր 25-ին Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս բացուեցաւ տարածաշրջանին մէջ իր տեսակի մէջ եզակի Գրատպութեան թանգարանը։ Տպագրութեան պատմութիւնը արտացոլուած է Գրատպութեան թանգարանին վեց սրահներէն ներս։ «Գիրին ակունքները» սրահէն ներս ներկայացուած է նախագրային շրջանէն մինչեւ գիրը ինկած ժամանակահատուածին ստեղծուած գրաւոր մշակոյթի նմուշներ՝ ժայռապատկերներ, սեպագիր արձանագրութիւններ: Թանգարանը յագեցած է նոր արհեստագիտութեամբ, որ կը ստեղծէ ոչ աւանդական կրթութեան փոխգործուն միջավայր մը։         
 

 

 

Գրատպութեան թանգարանի վեց սրահներն են


 

«Հայոց այբուբենը» սրահէն ներս ներկայացուած են գրչութեան տեսակները եւ եւրոպացի հրատարակիչներու գիրքերուն մէջ փայտափորագիր հայոց այբուբենը։ «Հայ գրատպութեան առաջնեկները» սրահէն ներս ներկայացուած են հայերէն տպագիր առաջին գիրքը՝ «Ուրբաթագիրք»-ը (Վենետիկ, 1512), Ոսկանեան Աստուածաշունչը (Ամսթերտամ, 1666-1668), առաջին տպագիր քարտէսը՝ «Համատարած աշխարհացոյց»-ը (Ամսթերտամ, 1695), առաջին տպագիր պարբերականը՝ «Ազդարար»-ը (Մատրաս, 1794-1796): «Հայկական գրատպութեան սփիւռք» սրահէն ներս ներկայացուած են այն հիմնական գաղթավայրերը, ուր գործած են հայկական տպարաններ եւ տպագրուած են հայերէն գիրքեր։ Սրահէն ներս կարելի է ծանօթանալ տպագրավայրերուն համառօտ պատմութեան։ «Գրահրատարակչութիւն» սրահէն ներս ցուցադրուած են տպագրական մեքենաներ, քլիշէներ, տարբեր երկրներու մէջ գործած հայկական տպարաններու նկարներ։ Եռապատկերային ցուցադրութեան միջոցաւ ներկայացուած են տպագրութեան հիմնական ձեւերը։ «Գիրին յաւերժութիւնը» սրահէն ներս ներկայացուած է տպագրութեան սկզբնաւորումը ներկայիս Հայաստանի տարածքէն ներս։ Ցուցադրուած են Հայաստանի եւ Արցախի մամլոյ եզակի նմուշներ:  

2

 

3


 

Եւրոպական գրատպութեան թանգարաններու ընկերակցութիւն


2018 թուականի յունուարէն ի վեր Հայաստանի ազգային գրադարանի Գրատպութեան թանգարանը դարձած է Եւրոպական գրատպութեան թանգարաններու ընկերակցութեան (Association of European Printing Museums) անդամ։