ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հունիսի 1-ը Ազգայինում

հնս 04, 2025 Միջոցառումներ

IMG-0387-1-1

 

Կը հնչէ զանգը՝ ազդարարելով ներկայացման սկիզբը։ Սրահին լոյսերը կը մարին, կը վառի լոյսը վարագոյրին ետեւէն եւ պաստառին վրայ կը յայտնուին մէկը միւսէն տարբեր կերպարներ, որոնք կ'ապրին պաստառին վրայ՝ իրենց ամէնօրեայ հոգերով։ Կը վիճին, կը ծիծաղին, միմեանց կը ծաղրեն ու կը ներկայացնեն իրենց աշխարհի ներկապնակը։ Կերպարները կը մտնեն երկխօսութեան մէջ՝ ներգրաւելով հանդիսատեսը։ Ներկայացման աւարտին կրկին կը հնչէ զանգը՝ այս անգամ ազդարարելով պատմութեան աւարտը։ Սրահին լոյսերը կը վառին։ Վարագոյրին ետեւէն դուրս կու գան տղամարդիկ՝ «Այրոկի» խումբին անդամները՝ Արմէնը, Կարէնը, Արթուրը եւ Սերկէյը։ Իսկ թէ որոնք էին ներկայացման հերոսները՝ շատ արագ գուշակեցին դահլիճի երեխաները. Մարտիրոսը, Անխելք մարդը, Ղարակէօզը, Մուկն ու թանի կարասը...

Նախապէս այսպէս կոչուած «Ղարակէօզ խաղցնողը» կ'երթար գիւղէ գիւղ, կ'ուսումնասիրէր այնտեղի բարքերը, տարբերող կերպարները եւ իր ներկայացումը կը կառուցէր ըստ այնմ։ Նոյնը կ'ընէ «Այրոկին». խաղի բնաբանը կը գրուի, ընթացքին հնարաւոր են տարբեր փոփոխութիւններ՝ հաշուի առնելով այդ օրուան հանդիսատեսին առանձնայատկութիւնները։ Թատերախումբը ամբողջութեամբ պահպանած է հնագոյն պատմութիւն ունեցող ստուերներու թատրոնի ներկայացման մօտեցումները։