Հեռախոսահամար
սպտ 18, 2024 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ
«Աշխարհի աչքին հայերը ժողովուրդներու Տոն Քիխոթն են. դարերու ընթացքին պետականութիւն չունեցող, կարիքաւոր ու թշուառական կեանք քաշող ժողովուրդը Կէօթէ ու Շեքսփիր թարգմանած է....»։ Եւրոպական գրականութեան եւ ատոր հայերէն թարգմանութիւններուն բացառիկ դերին ու թարգմանական նրբութիւններուն մասին էր Ազգային գրադարանի կազմակերպած հերթական հանրային բանախօսութեան հեղինակին՝ արուեստաբան, գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի զրոյցը գրադարանի թամանեանական փոքր դահլիճէն ներս։
Հոմերոսի «Իլիական», «Ոդիսական», Տանթէի «Աստուածային կատակերգութիւն» եւ այլ գործերու, Շեքսփիրի, Պոքաչչոյի, Փեթրարքայի, Կէօթէի, Կոլսուորսիի, շատ ու շատ այլ գրողներու գործերու վերլուծութեամբ՝ բանախօսը հանգամանալից ու մանրամասն խօսեցաւ հայ-եւրոպական թարգմանական առնչութիւններուն, հայ թարգմանական գրականութեան գլուխգործոցներուն մասին՝ համակ ուշադրութեամբ ունկնդրող լսարանին առջեւ կրկին բանալով գրականութեան թովիչ աշխարհին դռները։
Բանախօսութիւնը տեղի ունեցաւ եւրոպական ժառանգութեան օրերու շրջանակէն ներս, որուն զուգահեռ Ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ ցուցասրահէն ներս մինչեւ սեպտեմբերի վերջ կը գործէ «Հայ-եւրոպական գրական-թարգմանական կապեր» խորագրով ցուցադրութիւնը։