ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Համաստեղ 130

հկտ 16, 2025 Միջոցառումներ

IMG-0387-1-1

Հայաստանի ազգային գրադարանը միացած է սփիւռքահայ արձակագիր Համաստեղի (Համբարձում Կելէնեան) ծննդեան 130-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շարքին՝ կազմակերպելով գրականութեան ցուցահանդէս։ Գիտական եւ ընթացիկ մամուլի ընթերցասրահի աշխատակազմի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած է գրողին գրեթէ ողջ գրական ժառանգութիւնը։ Ցուցահանդէսը ներկայացուց Գիտական ընթերցասրահի ենթաբաժնի վարիչ Արեւիկ Զախարեանը։

Համաստեղը հայ արձակի այն ներկայացուցիչներէն է, որ իր ստեղծագործութիւններով ձեւաւորեց սփիւռքահայ գրական մտածողութեան նոր որակ։ Անոր պատմուածքներն ու վիպակները՝ «Գիւղը», «Անձրեւ», «Մարդիկ եւ հող», «Կեանքն ու քամին», աչքի կե զարնեն իրականութեան խոր ընկալումով, պարզ, բայց ներաշխարհով հարուստ կերպարներով։ Անոր գործերուն մէջ կը հնչէ հայ գիւղի ցաւն ու հաւատը, հողի ու յիշողութեան անքակտելի կապը։

Միջոցառման շրջանակներէն ներս հանրային դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտա Խաչատրեանը, որ ընդգծեց. «Համաստեղի գրական վաստակը մեր հոգեւոր մշակոյթի ձեռքբերումներէն է՝ որպէս հայու գոյատեւելու իրաւունքի հաստատում։ Անոր հերոսներու մարդկային նկարագիրը կ’ամբողջանէ հայու ազգային խառնուածքով։ Եկէ՛ք լաւ հասկնանք Համաստեղի գրական դասերը՝ յանուն այսօրուան եւ վաղուան սերունդներու հայ ապրելու իրաւունքի»։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մէկ շաբաթ։