Հեռախոսահամար
նմբ 05, 2025 Նորութիւններ
Գործուղման ընթացքին կայացած բոլոր հանդիպումները միտուած էին ամրապնդելու Հայաստանի ազգային գրադարանի միջազգային համագործակցութիւնը եւ խթանելու հայկական տպագիր ժառանգութեան պահպանութիւնն ու ամբողջական քարտէսագրումը։ Հանդիպումներու հիմնական ուղղութիւնը եղած է արտերկրի մէջ պահուող հայկական տպագիր ժառանգութեան հետ ծանօթանալը եւ զանոնք քարտէսագրելու շուրջ համագործակցութեան ձեւաւորումը։
Հայաստանի ազգային գրադարանը, ըլլալով աշխարհի ամէնէն մեծ հայալեզու հաւաքածոյի եւ մատենագիտութեան կեդրոնը, կրնայ կարեւոր դեր ունենալ այս գործընթացին մէջ՝ աջակցելով գործընկեր կառոյցներուն հայերէն նիւթերու մատենագրման աշխատանքներուն մէջ։ Կնքուած են նախնական պայմանաւորուածութիւններ՝ գործընկերներուն տրամադրելու հայերէն օրինակելի գրառումներ եւ օգնելու հաւաքածոներու նիւթերը բերել միասնական ձեւաչափի՝ հաշուի առնելով այն, որ շատ կառոյցներու մէջ չկան հայերէնին տիրապետող մասնագէտներ։
Այս համագործակցութիւնները միեւնոյն ատեն հնարաւորութիւն կու տան բացայայտելու Հայաստանի սահմաններէն դուրս հրատարակուած հայերէն եւ հայագիտական նիւթերու առկայութեան փաստը, ինչ որ կարեւոր քայլ մըն է հայկական տպագիր ժառանգութիւնը ամբողջական եւ համապարփակ դիտարկելու գործին մէջ։ Համագործակցութիւններու արդիւնքով Հայաստանի ազգային գրադարանը պիտի համալրուի գործընկեր հաստատութիւններու հաւաքածոներուն մէջ առկայ բացակայ օրինակներով՝ ինչպէս թղթային, այնպէս ալ թուային ձեւաչափերով։ Ասիկա զգալիօրէն պիտի խթանէ տպագիր ժառանգութեան քարտէսագրման եւ պահպանութեան գործընթացը։
Յատկանշական է նաեւ, որ Համազգային հայագիտական ընկերակցութեան Մարտիկեան գրադարանին հետ ստորագրուած յուշագիրը եւ արդէն մշակուած համագործակցութեան ձեւաչափը կրնան ծառայել որպէս նախադէպ յետագայ համագործակցութիւններու համար՝ մասնաւորապէս Ամերիկայի հայկական թանգարանի եւ Հայկական մշակութային հիմնադրամի հետ։ Այս կառոյցները կը կիրառեն գրացուցակային նոյն համակարգը, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ իրականացնել միասնական եւ արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւն։
Բոլոր նախաձեռնութիւնները կը նախատեսուին երկարաժամկէտ եւ շարունակական, նպատակ ունենալով ձեւաւորել համակարգուած եւ միասնական մօտեցում՝ հայկական տպագիր ժառանգութեան միջազգային ներկայացման եւ պահպանութեան հարցին մէջ։
Հարուարտի համալսարան
Հարուարտի համալսարան այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած են շարք մը կարեւոր հանդիպումներ, որոնք միտուած եղած են հայագիտական հետազօտութիւններու զարգացման եւ միջազգային համագործակցութեան ամրապնդման։
Այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած է հանդիպում Հարուարտի համալսարանի Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու բաժանմունքի ղեկավար, փրոֆեսոր Քրիստինա Մարանճիի հետ։ Փրոֆեսոր Մարանճին յայտնած է իր խորին երախտագիտութիւնը Հայաստանի ազգային գրադարանի թուային շտեմարաններու հասանելիութեան համար՝ ընդգծելով ատոնց կարեւոր դերը հայագիտական հետազօտութիւններու յառաջմղման գործին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած է նախնական պայմանաւորուածութիւն՝ աջակցելու Հարուարտի համալսարանի հետազօտողներուն՝ տրամադրելով անհրաժեշտ նիւթերու թուային պատճեններ, մատենագիտական ցանկեր՝ ըստ պահանջի, ինչպէս նաեւ ապահովելով գիտաժողովներու փոխադարձ մասնակցութիւն։
Այցելութիւն կատարուած է Հարուարտի համալսարանի Հոութէն գրադարան (Houghton Library), ուր հանդիպում մը տեղի ունեցած է գրադարանի տնօրէն Թոմաս Հայրիի, վաղ շրջանի գիրքերու եւ ձեռագիրներու բաժնի ղեկավար Ճոն Ովրհոլթի եւ ղեկավարի տեղակալ Քրիստինա Ճէյքոպսոնի հետ։ Անոնք ներկայացուցած են Հոութէն գրադարանի հայկական հաւաքածոն, անոր ձեւաւորման պատմութիւնը, համալրման քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ մատենագիտական նկարագրութիւններու առանձնայատկութիւնները։ Ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն աջակցելու Հոութէն գրադարանի հայկական տպագիր նիւթերու նկարագրութեան գործընթացին՝ Հայաստանի ազգային գրադարանէն տրամադրելով օրինակելի գրառումներ՝ ըստ պահանջի։ Քննարկուած են նաեւ համատեղ հետազօտութիւններու իրականացման եւ գիտաժողովներու փոխադարձ մասնակցութեան հնարաւորութիւնները։
Այցելութեան շրջանակներէն ներս այցելութիւն կատարուած է նաեւ Հարուարտի համալսարանի Ուայտնէր գրադարան (Widener Library), ուր հանդիպում մը տեղի ունեցած է Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ բաժանմունքի ղեկավար Մայքլ Հոփերիի հետ։ Ան ներկայացուցած է գրադարանի հայկական հաւաքածոները, որոնք կը կազմեն շուրջ 145 հազար միաւոր եւ շարունակաբար կը համալրուին։ Հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն աջակցելու հայալեզու տպագիր նիւթերու նկարագրութեան աշխատանքներուն՝ տրամադրելով Հայաստանի ազգային գրադարանի օրինակելի գրառումներ։ Յատկապէս հետաքրքրութիւն ներկայացուցած է գրադարանի հաալեզու «մանր» նիւթերու՝ բացիկներու, թերթիկներու, թռուցիկnերու եւ այլ հրատարակութիւններու հաւաքածոն, որոնք կ’արտացոլեն հայկական սփիւռքի մշակութային եւ հասարակական կեանքը։ Ուայտնէր գրադարանի ժամանակակից սփիւռքի մամլոյ հարուստ հաւաքածոն պարբերաբար կը համալրուի, ինչ որ բացառիկ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ տեղեկատուութիւն ստանալու եւ զայն արտացոլելու Հայաստանի ազգային գրադարանի մատենագիտական բաժնին մէջ:
![]()
| ![]()
| ![]()
| ![]()
| ![]()
| ![]()
| ![]()
| ![]()
| ![]()
| ![]()
|
![]()
| ![]()
| ![]()
| ![]()
| ![]()
| ![]()
| ![]()
| ![]()
| ![]()
| ![]()
|
Ազգային հայագիտական ընկերակցութեան (NAASR) Մարտիկեանի գրադարան - ԱՄՆ
Այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ համագործակցութեան յուշագրի ստորագրում Ազգային հայագիտական ընկերակցութեան Մարտիկեանի գրադարանին հետ, ինչ որ ամրապնդեց արդէն իսկ ստեղծուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։ Նոյն օրերուն ան հանդէս եկաւ «Հայաստանի ազգային գրադարան. երէկ, այսօր, վաղը» խորագրով հանրային դասախօսութեամբ մը։ Դասախօսութեան ներկայ էին համայնքի ակադեմական, մշակութային եւ կրթական կեդրոններու ներկայացուցիչներ։
Ելոյթը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց Հայաստանի ազգային գրադարանի թուային փոխակերպման աշխատանքներուն, շտեմարաններուն եւ միջազգային համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ։ Ազգային հայագիտական ընկերակցութեան ակադեմական գծով տնօրէն Մարք Մամիկոնեանի հետ քննարկուեցան յետագայ համագործակցութեան շրջանակները՝ հայագիտական հետազօտութիւններու յաջողութիւնը, մատենագիտական ցանկերու տրամադրումը եւ գիտաժողովներու փոխադարձ մասնակցութիւնը։
Մարտիկեան գրադարանի տնօրէնուհի Անի Պապայեանի հետ քննարկուեցան գրադարանին գրառումները Հայաստանի գրադարաններու համահաւաք գրացուցակին վրայ ներառելու շարունակական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ տպագիր նիւթերու բացակայ օրինակներուն յետահայեաց եւ ընթացիկ համալրումները, ինչպէս թղթային նիւթերով, այնպէս ալ թուային պատճեններով։
Այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Ամերիկայի հայկական թանգարանին (ALMA) տնօրէն Ճէյսն Սողիկեանի եւ հաւաքածոներու ղեկավար Կարի Լինտ Սինանեանի հետ։ Ուսումնասիրուեցան թանգարանին տպագիր հաւաքածոները, որոնց մեծ մասը կը կազմեն Հայաստանէն դուրս տպագրուած հայալեզու եւ այլալեզու նիւթերը, որոնց մասին Հայաստանի մէջ առայժմ տեղեկատուութիւն չկար։ Թանգարանը ներկայացուց իր տպագիր մամուլի բացառիկ հաւաքածոն, որ այսօր մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց։
Ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն՝ Մարտիկեանի գրադարանի հետ համագործակցութեան ձեւաչափը կիրառելու նաեւ Ամերիկայի հայկական թանգարանի տպագիր նիւթերու գրացուցակին վրայ՝ ներառելով մատենագիտական գրառումները Հայաստանի համահաւաք գրացուցակին վրայ։ Թանգարանը տրամադրեց մամուլի հաւաքածոյին գրացուցակը՝ ՀԱԳ հաւաքածոներուն հետ համեմատելու, բացակայ օրինակները յայտնաբերելու եւ համալրելու նպատակաւ։ Քննարկուեցան համատեղ հետազօտութիւններու, ցուցահանդէսներու կազմակերպման եւ գիտաժողովներու փոխադարձ մասնակցութեան հնարաւորութիւնները։
Ամերիկայի հայկական թանգարան (ALMA) Ամերիկայի հայկական թանգարանը յայտնի է իր բացառիկ հարուստ հաւաքածոներով։ Տեղի ունեցաւ հանդիպում թանգարանի տնօրէն Ճէյսն Սողիկեանի եւ հաւաքածոներու ղեկավար Կարի Լինտ Սինանեանի հետ։ Ուսումնասիրուեցան տպագիր հաւաքածոները, որոնց մեծ մասը կը կազմեն Հայաստանէն դուրս տպագրուած հայալեզու եւ այլալեզու նիւթերը, որոնց մասին Հայաստանի մէջ կը բացակայի տեղեկատուութիւնը։ Թանգարանը ունի տպագիր մամուլի բացառիկ հաւաքածոյ մը, որ այսօր մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ։ Ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն՝ Մարտիկեանի գրադարանին հետ համագործակցութեան ձեւաչափով աշխատիլ նաեւ Ամերիկայի հայկական թանգարանին տպագիր նիւթերու գրացուցակին հետ՝ ներառելով մատենագիտական գրառումները Հայաստանի համահաւաք գրացուցակին վրայ։ Թանգարանը տրամադրեց մամուլի հաւաքածոյին գրացուցակը՝ ՀԱԳ հաւաքածոներուն հետ համեմատելու եւ բացակայ օրինակներու յայտնաբերման ու համալրման նպատակաւ։ Քննարկուեցան համատեղ հետազօտութիւններու, ցուցահանդէսներու կազմակերպման հնարաւորութիւնները եւ գիտաժողովներու փոխադարձ մասնակցութիւնը։
Հայկական մշակութային հիմնադրամ (Armenian Cultural Foundation)
Այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ հանդիպում Հայկական մշակութային հիմնադրամի հետ, որ յայտնի է իր հայկական տպագիր մամուլի բացառիկ հաւաքածոյով։ Այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ տպագիր հաւաքածոներուն եւ ամրապնդել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող համագործակցութիւնը, քանի որ Հայաստանի ազգային գրադարանը հիմնադրամին հետ կը համագործակցի տարիներէ ի վեր։
Այս պահուն համատեղ աշխատանքին արդիւնքով կը պատրաստուէր հրատարակութիւն մը՝ Ռաֆֆիի կենսամատենագիտութիւնը։ Հիմնադրամի տնօրէն Արա Ղազարեանի հետ քննարկուեցան համագործակցութեան հնարաւոր սահմանները, մասնաւորապէս՝ մամուլի հաւաքածոներու ուսումնասիրութիւնը, Հայաստանի ազգային գրադարանի մէջ բացակայ օրինակներուն յայտնաբերումը, ինչպէս նաեւ զանոնք թուային պատճեններով համալրելու գործընթացը։
Այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն՝ Մարտիկեանի գրադարանի հետ համագործակցութեան ձեւաչափը կիրառել նաեւ հիմնադրամի տպագիր նիւթերու գրացուցակին հետ, ներառելով մատենագիտական գրառումները Հայաստանի համահաւաք գրացուցակին վրայ։
Մասաչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկ(MASSACHUSETTS INSTITUTE OF TECHNOLOGY)
Հայաստանի ազգային գրադարանին տնօրէնուհին հանդիպեցաւ Մասաչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկի Կանանց եւ սեռային հետազօտութիւններու ծրագրի տնօրէնուհի փրոֆեսոր Լեռնա Էքմեքճիօղլուին, որուն հետ տարիներ շարունակ Հայաստանի ազգային գրադարանը աշխատած է՝ աջակցելով ծրագրի հետազօտութիւններու նիւթերու թուային պատճեններու տրամադրմամբ։ Ձեռք բերուեցաւ նախնական պայմանաւորուածութիւն՝ համատեղ աշխատելու հայ կանանց կողմէ ստեղծուած մամուլի մատենագիտական պատկերագրքին վրայ, որուն գլխաւոր խմբագիրը կը նշանակուի փրոֆեսոր Լեռնա Էքմեքճիօղլուն։ Նախատեսուած է հրատարակել 2027-2028 թուականներուն։
Պոստոն աթենիոմ (BOSTON ATHENAEUM) Պոստոն Աթենիոմ այցելութեան ընթացքին Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհին ծանօթացաւ գրադարանի հաւաքածոներուն հետ, ներառեալ՝ հայերէն եւ բացառիկ այլալեզու հայագիտական նիւթերու հետ։ Հիմնարկին հետ ձեռք բերուեցաւ նախնական պայմանաւորուածութիւն՝ աջակցելու հայալեզու նիւթերուն մատենագիտական նկարագրութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՀԱԳ հաւաքածոներուն մէջ բացակայ նիւթերու թուային պատճեններու համալրման վերաբերեալ։
Քոլոմպիոյ համալսարան
Այցելութեան ընթացքին Հայաստանի ազգային գրադարանին տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը հրաւիրուեցաւ Փիթր Պալաքեանի հանրային դասախօսութեան եւ իր նոր գրքի շնորհանդէսին Քոլոմպիոյ համալսարանին մէջ։ Հանդիպման եւ շնորհանդէսի ընթացքին ձեռք բերուեցաւ նախնական պայմանաւորուածութիւն, որ Փիթր Պալաքեանը պիտի այցելէ Հայաստանի ազգային գրադարան 2026 թուականի ամռան ամիսներու ընթացքին եւ հանդէս պիտի գայ հանրային դասախօսութեամբ մը։
Պրոքլինի համայնքային քոլեժի Հոլոքոստի, մարդկային իրաւանց եւ ցեղասպանութեան կրթութեան կեդրոն (CHHANGE)
ԱՄՆ այցելութեան շրջանակէն ներս Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհին այցելեց «CHHANGE» կեդրոնը, ուր հանդիպեցաւ կեդրոնի տնօրէնուհի դոկտոր Ասիա Դարբինեանի հետ եւ ծանօթացաւ թանգարանին ու գրադարանի տպագիր հաւաքածոներուն։ Այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն՝ աջակցելու կեդրոնի հետազօտութիւններուն՝ տրամադրելով անհրաժեշտ նիւթերու թուային պատճեններ՝ ըստ պահանջի, ինչպէս նաեւ համալրել Հայաստանի ազգային գրադարանի հաւաքածոները կեդրոնին կողմէ հրատարակուած հայկական առնչութեան նիւթերով։
Նոր Ճերսիի Յովնանեան դպրոց
Հայկական Յովնանեան դպրոց այցելութեան ընթացքին ներկայացուեցան դպրոցի կրթական եւ մշակութային ծրագիրները։ Աւագ դասարանի աշակերտներուն հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցաւ Հայաստանի ազգային գրադարանը, Գրատպութեան թանգարանը, հայալեզու շտեմարանները, ինչպէս նաեւ ՀԱԳ կայքը, որ հասանելի է նաեւ արեւմտահայերէնով, ինչ որ դիւրին կը դարձնէ աշակերտներուն համար տեղեկատուութեան հասանելիութիւնը։ Տնօրէնուհի Սթեֆանի Թորոսեանի հետ ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն, որ 2026 թուականի գարնան աւագ դասարանի աշակերտները պիտի ժամանեն Հայաստանի ազգային գրադարան եւ Գրատպութեան թանգարան, ինչպէս նաեւ անոնց համար պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ հայ գրողներու հետ՝ առցանց ձեւաչափով։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն
Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը հրաւիրուեցաւ դեսպան Նարեկ Մկրտչեանի կողմէ՝ Հայաստանի անկախութեան 34-րդ տարեդարձին նուիրուած ընդունելութեան, ուր ներկայ էին ինչպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, այնպէս ալ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Հանդիպման ընթացքին հայ համայնքի ներկայացուցիչները մեծ հետաքրքրութիւն յայտնեցին Հայաստանի ազգային գրադարանին մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ հանրահռչակման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն նկատմամբ եւ ցանկութիւն յայտնեցին Հայաստան այցելութիւններու ընթացքին այցելել նաեւ Հայաստանի ազգային գրադարան ու Գրատպութեան թանգարան։
