Հեռախոսահամար
հկտ 16, 2025 Միջոցառումներ

Հոկտեմբեր 14-ին Հայաստանի ազգային գրադարանի Մատենագիտութեան եւ գրադարանագիտութեան բաժնի ընթերցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ նուիրուած հայ անուանի մատենագէտներ Հրաչեայ Կոստիկեանի ծննդեան 110 եւ Ամալիա Կիրակոսեանի ծննդեան 105-ամեակներուն։ Միջոցառման ընթացքին բացուեցաւ նաեւ ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած էին մատենագէտներուն գրական ժառանգութիւնը, հեղինակած, կազմած եւ խմբագրած գիիրքերը, ինչպէս նաեւ անոնց գործունէութեան վերաբերող արժէքաւոր նիւթեր։
Մատենագէտներուն մասնագիտական եւ գիտական աւանդի մասին հանդէս եկաւ Մատենագիտութեան եւ գրադարանագիտութեան բաժնի գլխաւոր մատենագէտ Նայիրա Մելքոնեանը, որ ներկայացուց անոնց կեանքն ու մասնագիտական ուղին՝ ընդգծելով անոնց դերը հայ մատենագիտութեան զարգացման գործին մէջ։ Հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ Հրաչեայ Կոստիկեանի ընտանիքի անդամները, որոնք բաժնեկցեցան ջերմ յուշերով։ Հրաչեայ Կոստիկեանի մասին խօսեցաւ, խմբագրած գործերուն եւ թարգմանութիւններուն, համալսարանական տարիներու գործունէութեան մասին պատմեց Հայաստանի ազգային գրադարանի աշխատակից Ներսէս Հայրապետեանը, ով եղած է Կոստիկեանի ուսանողը։
Ցուցահանդէսը անգամ մը եւս ընդգծեց երկու մատենագէտներուն անգնահատելի ներդրումը գրադարանագիտութեան եւ մատենագիտութեան ոլորտներուն մէջ։ Միջոցառման մասնակցեցաւ եւ խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ գրադարանավար, մատենագէտ, Հայկական գրադարանային ընկերակցութեան փոխնախագահ Ռաֆիկ Ղազարեանը։
