Հեռախոսահամար
դկտ 06, 2023 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ Ցուցահանդէսներ
Հայաստանի ազգային գրադարանը նշեց մեծանուն գրող, երգիծաբան, թատերագիր Յակոբ Պարոնեանի 180-ամեակը: Բանասէր, գրաքննադատ Հրանդ Ասատուրի բնորոշմամբ՝ «Պարոնեան ճանչցած է իր ժամանակին մարդիկը եւ շուրջը տեսած բարքերը, խորունկ հոգեբանութեամբ ըմբռնած է անոր ծաղրելի, այլանդակ կողմերը, եւ գրչի մէկ շարժումով յաճախ ներկայացուցած է կեանքի ամբողջ տեսարան մը»:
Հանճարեղ երգիծաբանին կեանքն ու ստեղծագործութիւնն ալ մանրակրկիտ ուսումնասիրած ու զանոնք գիրքերու մէջ ամփոփած է գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր Ալպերթ Մակարեանը, նոյնինքն՝ օրուան բանախօսը: Ալպերթ Մակարեանը ուշագրաւ մանրամասնութիւններ պատմեց մեծ գրողին մասին, հանգամանալից ներկայացուց անոր գործունէութիւնը: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ գրող, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Կարօ Վարդանեանը: Թամանեանական փոքր ցուցասրահը մարդաշատ էր: Միջոցառման մասնակիցները ծանօթացան Պարոնեանի ստեղծագործութիւնը ներկայացնող գիրքերու, պարբերական մամլոյ եւ այլ նիւթերու ցուցադրութեան:
Ցուցադրուած են մեծ գրողին կենդանութեան շրջանի հրատարակութիւնները, 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկզբի հրատարակութիւններ, խորհրդային, յետխորհրդային ժամանակաշրջանի, ինչպէս նաեւ 21-րդ դարու եւ սփիւռքի հրատարակութիւններ: Պարոնեանական գրականութեան ցուցադրութիւնը բաց է երկու շաբաթ: Սրահը թատերական կերպարանք մը ստացած է՝ ցուցահանդէսի այցելուներուն աչքը շոյող տարբեր տարիներու թատերական ազդագիրներով. «Մեծապատիւ մուրացկաններ», «Պաղտասար Աղբար», «Շողոքորթն», «Ատամնաբոյժն արեւելեան», «Ազգային ջոջեր»...
«Կրնամ երեւակայել, թէ ի՜նչ կը զգայ Թորոս աղան, ես որ այս տողերը գրած ժամանակս հազար անգամ աթոռին վրայ կը ցատկեմ»,- գրած է Պարոնեանը «Քաղաքավարութեան վնասները» գործին մէջ՝ նկարագրելով խեղճ Թորոս աղայի՝ քաղաքավարութենէն դրդուած աւելի քան չորսժամեայ տուայտանքները: Կը պատկերացնենք, թէ ի՛նչ պիտի զգար մեծ երգիծաբանը՝ գնահատելով մեր միջոցառման ու ատոր լուսաբանման հակիրճութիւնը: