Հեռախոսահամար
հլս 22, 2024 Միջոցառումներ Սինէ-ակումբ
Սինէ-ակումբի՝ «Ժիւլ եւ Ճիմ» ֆիլմով եզրափակուեցաւ Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս ցուցադրուող ֆիլմի դիտումներու գարուն-ամառ շրջանը։ «Ժիւլ եւ Ճիմ»-ը կնոջ «ագահութեան» մասին է»,- այսպիսի բնորոշում տուաւ «Ֆիլմադարան» ֆիլմի մշակոյթի զարգացման հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ, ֆիլմագէտ Գարեգին Զաքոյեանը։ Ան նշեց, որ ֆիլմը «Նոր ալիքի» բեմադրիչ Կոտարի կողմէ շատ բարձր գնահատուած է։
«Ֆիլմը իր ձեւով եւ ոճով շատ նորալիքային է. թէեւ պատմական իրադարձութիւններ կը ներկայացնէ` (19-րդ դարու վերջ - 20-րդ դարու սկիզբ), բայց անիկա դիտելով այդ չես նկատեր, տպաւորութիւն է՝ 20-րդ դարու 60-70-ականներու նկարագրութիւն է»,- ըսաւ ֆիլմագէտը։ Ֆիլմը կը պատմէ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ Փարիզը ապրող երկու ընկերներու՝ աւստրիացի Ժիւլի ու ֆրանսացի Ճիմի մասին։ Անգամ մը անոնք թանգարանէն ներս հնատիպ, հնագոյն արձան մը կը տեսնեն եւ «կը սիրահարին» արձանին։ Շուտով անոնց կեանքին մէջ կը յայտնուի այդ արձանին շատ նման կին մը եւ կը հմայէ զիրենք։ Երկար տարիներ երկու ընկերները ապարդիւն կը սպասեն, թէ ան իրենցմէ որո՛ւ պիտի ընտրէ։ Քաթրինը մէկ կը յայտարարէ, որ կը սիրէ մէկը, ապա՝ միւսը, յետոյ ալ՝ երկուքը։
Ֆիլմը Ֆրանսացի գրող Անրի Փիէր Ռոշէի համանուն կիսաինքնակենսագրական վէպի ֆիլմային տարբերակն է։ 2010 թուականին «Empire» ամսագիրը ֆիլմը ընդգրկած է «Համաշխարհային ֆիլմի 100 լաւագոյն ֆիլմերը» ցանկի 46-րդ հորիզոնականին վրայ։ Սինէ-ակումբը Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս կը գործէ արդէն երրորդ տարին ըլլալով՝ «Ֆիլմադարան» ֆիլմի մշակոյթի զարգացման հասարակական կազմակերպութեան, Ազգային գրադարանի, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան Ֆրանսական հիմնարկի համագործակցութեամբ՝ ֆիլմասէրներուն ներկայացնելով ֆրանսական ֆիլմերու ընտրանին: Ֆիլմերը կը ցուցադրուին ֆրանսերէն՝ հայերէն եւ անգլերէն ենթագիրներով: Տեղեկացնենք՝ ֆրանսական ֆիլմերու նոր եթերաշրջանը պիտի վերսկսի սեպտեմբերի կէսերուն։