ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Համագործակցութիւն Ֆրանկոֆոնիայի Միջազգային Կազմակերպութեան հետ

նմբ 28, 2025 Նորութիւններ

IMG-0387-1-1

Օրերս Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը հիւրընկալեց Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան (OIF) կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի ներկայացուցչութեան կցորդ Էլիզ Զահին։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շարք մը նախագծեր, որոնք միտուած են ամրապնդելու Հայաստանի եւ ֆրանսախօս երկրներու մշակութային ու կրթական կապերը։ Կը նախատեսուի OIF-ի հետ իրականացնել համատեղ միջոցառումներ, կազմակերպել վերապատրաստման դասընթացներ գրադարանաւարներու համար, ինչպէս նաեւ իրականացնել նոր մշակութային նախագծեր ու ցուցահանդէսներ։

Քննարկման կարեւոր մաս կը կազմէին նաեւ Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս, ինչպէս նաեւ մարզային ու համայնքային շարք մը գրադարաններու մէջ գործող ֆրանսական գրականութեան անկիւնները, որոնք մշտապէս կը համալրուին նոր գիրքերով։ Էլիզ Զահին հետաքրքրուած էր Ազգային գրադարանի հաւաքածոներուն մէջ պահպանուող ֆրանսական գրականութեամբ եւ ֆրանսախօս մշակութային ժառանգութեան վերաբերող արժէքաւոր նիւթերով։

Հանդիպումը արդիւնաւէտ համագործակցութեան կարեւոր հիմք մըն է՝ ուղղուած հայաստանեան գրադարաններու զարգացման եւ Հայաստան-Ֆրանսախօս երկրներու յարաբերութիւններու ամրապնդման։