ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայ մշակոյթի համախմբում՝ սփիւռք–Հայաստան

նմբ 24, 2025 Նորութիւններ

IMG-0387-1-1

Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը՝ Հայկական մշակոյթի եւ արուեստի միջազգային համակարգման խորհուրդի հետ համագործակցութեամբ, 2025 թուականի նոյեմբեր 20-էն 21 Երեւանի Առնո Պապաճանեան համերգասրահէն ներս կազմակերպած էր «Հայ արուեստի եւ մշակոյթի համաժողով 2025»-ը։ Համաժողովը միաւորած էր աշխարհի տարբեր երկրներէ ժամանած շուրջ 250 սփիւռքահայ մշակութային գործիչներ, որոնք երկու օրուան ընթացքին փոխանակուեցան փորձով, գաղափարներով եւ ստեղծագործական մօտեցումներով։

Հայ արուեստի եւ մշակոյթի համաժողովի շրջանակէն ներս՝ նոյեմբեր 20-ին, «Մշակութային երկխօսութեան հարթակ» խորագրի ներքոյ նիստերուն եւ քննարկումներուն զուգահեռ, ամբողջ օրուան ընթացքին կը գործէր ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած հայ ժամանակակից մշակոյթի տարբեր ուղղութիւններուն։ Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած էին գործընկեր կազմակերպութիւններու արուեստի նմուշներ՝ գեղանկարչական եւ կիրառական արուեստի աշխատանքներ, ժամանակակից հայ գրողներու գիրքեր, լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ ձեռագործ իրեր, որոնք կ’արտացոլեն հայկական ստեղծագործական մտածողութեան ինքնատիպութիւնը։

Հայաստանի ազգային գրադարանը ցուցահանդէսին ներկայացուցած է «Հայ ժամանակակից սփիւռքահայ գրողներ» խորագրով գրականութեան բազմաբովանդակ եւ իւրայատուկ ցուցադրութիւն մը։