Հեռախոսահամար
դկտ 01, 2025 Նորութիւններ

Նոյեմբեր 27-էն 30 Հայաստանի ազգային գրադարանը, որպէս գործընկեր կառոյց, կը մասնակցի «Հայկական միջազգային առողջապահական ցուցահանդէս 2025»-ին (Armenian International Healthcare Expo 2025)։ Ցուցադրութեան ծիրէն ներս ներկայացուած են Երեւանի մէջ լոյս տեսած, հայ հեղինակներու առողջապահութեան ոլորտին առնչուող մասնագիտական եւ գիտական աշխատութիւններ, գիրքեր, ժողովածոներ, ուսումնասիրութիւններ։ Ցուցադրութեան մաս կը կազմեն նաեւ Երեւանի մէջ լոյս տեսած շարք մը առողջապահական ամսագիրներ։

Ցուցադրուող նիւթերու ժամանակաշրջանը կ՚ընդգրկէ 1879 թուականէն մինչեւ 2025 թուականը՝ ներկայացնելով առողջապահական միտումներու եւ գիտական մտքի զարգացումը շուրջ մէկ ու կէս դարերու ընթացքին։ Կան նաեւ փոքրիկ գրքոյկներ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան այցելուներուն պատկերաւոր ծանօթանալու Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ պահուող հնատիպ եւ բացառիկ բժշկագիտական գիրքերուն, որոնք ցուցադրութեան շրջանակէն ներս ֆիզիքապէս ներկայացուած չեն։ Գիրքի շապիկներու պատկերներուն կից QR ծածկագիրներրու միջոցաւ այցելուները պիտի կարենան առցանց ընթերցիլ եւ ուսումնասիրել այդ հրատարակութիւնները ՀԱԳ-ի «Հայ գիրք» https://haygirk.nla.am/ եւ «Հայ մամուլ» https://tert.nla.am/ ելեկտրոնային շտեմարաններուն մէջ։

Ատկէ զատ, ցուցահանդէսի այցելուները հնարաւորութիւն ունին անմիջապէս տեղւոյն վրայ՝ առանց գրադարան այցելելու, ընդամէնը քանի մը րոպէներու մէջ ձեռք բերել Հայաստանի ազգային գրադարանի ընթերցողական տոմս։ Նոյեմբեր 27–30, 2025,
