Հեռախոսահամար
հկտ 10, 2023 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ
«Հայոց լեզուն դժուար լեզու մըն է. ունինք գրաբար, միջին հայերէն, արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն, ժողովրդախօսակցական լեզու, ոչ թէ փողոցային, այլ ժողովրդախօսակցակա՛ն լեզու, եւ թարգմանիչը դարձուածաբանութիւն պէտք է իմանայ: Ան պէտք է իմանայ, թէ ամէն մէկ դարձուածքի, արտայայտութեան փոխարէն համապատասխանաբար ի՛նչ թարգմանէ»։ Անդրադառնալով թարգմանութիւններու լեզուին՝ շեշտեց Ազգային գրադարանի «Զրոյց թարգմանական գրականութեան շուրջ» հանրային դասախօսութեան բանախօս Երուանդ Տէր Խաչատրեանը։
Հոկտեմբեր 17-ին, Հայաստանի ազգային գրադարանի Թամանեանական մեծ դահլիճէն ներս, ճանչցուած գրականագէտ, արուեստաբան եւ հրապարակախօս Երուանդ Տէր Խաչատրեանը խօսեցաւ թարգմանութեան վրայ թարգմանիչին թողած ազդեցութեան, թարգմանիչի դերին մասին՝ որպէս երկու լեզուներու շփման միջնորդի, անդրադարձաւ թարգմանական լեզուի ոճային հարցերուն։
Բանախօսը ընդգծեց, որ թարգմանիչը պէտք է կատարելապէս տիրապետէ այն լեզուին, որմով կը թարգմանէ. հայերէնի պարագային՝ հայերէնին։ Խօսքը համեմելով համաշխարհային մեծութիւններէն բերուող քաղուածքներով եւ համեմատութիւններով՝ Երուանդ Տէր Խաչատրեանը իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ թարգմանական, գրական եւ լեզուական ընդգրկուն հարցերու։ Տէր Խաչատրեանի խօսքը երեք յենման կէտեր ունէր՝ հայոց լեզուի պահպանութեան խնդիրը, Չարենցի «Գիրք ճանապարհի» գիրքին թարգմանական «գաղտնիքները», եւ Կարպիս Սուրէնեանի թարգմանական արձակը, յատկապէս, Տոսթոյեւսկիի «Քարամազով եղբայրներ» վէպին՝ անոր թարգմանութիւնը։