ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի ազգային գրադարանը հյուրընկալել էր հայ ժամանակակից հեղինակների

մրտ 27, 2024 Միջոցառումներ-arm Ցուցահանդեսներ

chulyanpoeziajior 

Հայաստանի ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ դահլիճը մարտ 21-ին լեցուն էր բանաստեղծութեամբ։ Գրադարանը հիւրընկալած էր հայ ժամանակակից հեղինակներ Արփի Ոսկանեանը, Ռուզան Ազիզեանը, Նշան Ապասեանը, Դաւիթ Սամուէլեանը, Եր Կարը (Երեմ Կարապետեան), Արամ Աւետիսը։

21sss  

Իրար յաջորդելով անոնք ընթերցեցան իրենց ինքնօրինակ ստեղծագործութիւններէն եւ պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն։ Բուռն քննարկում ծաւալուեցաւ ժամանակակից բանաստեղծութեան շուրջ։ Ինչի՞ մասին կը գրէ ժամանակակից բանաստեղծը, ո՞վ է ան։ Կարեւո՞ր է արդեօք գրողին ինքնատիպ ըլլալը։

orpoeziaaji 
 

Ինչպէս որ մեր ժամանակն է բազմադէմ, այնպէս ալ՝ բանաստեղծական ժանրերը։ Երբեմն դժուար է տարանջատել ժամանակակից բանաստեղծներու եւ արձակագիրներու գրութեանց սահմանները։ Վերջին տարիներուն անցքերը իրենց հետքը թողած են նաեւ ստեղծագործողներուն վրայ։ Յաճախ անոնք խօսքը կը մատուցեն լրագրողական նշումներու, այլասացութեան, եզովպոսեան լեզուով։ 

vadim bem  

Ազգային գրադարանի միջազգային այցելու փորձնակ, ազգութեամբ ֆրանսացի Վատիմ Պեմը ֆրանսերէն կարդաց 18-րդ դարու ֆրանսացի բանաստեղծ Անտրէ Շենիէի բանաստեղծութիւններէն մին։ Դահլիճին մէկ անկիւնը ցուցադրուած էին նաեւ բանաստեղծներուն գիրքերը։ Գրողները իրենց ընծայագիրներով գիրքեր նուիրեցին Ազգային գրադարանին։