ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Նուիրատուութիւն Ֆրանսայէն

հլս 22, 2024 Նորություններ-arm Նուիրատուութիւններ

nor erkir 
 

Վերջերս Ֆրանսայէն ստացած ենք մեր հայրենակից Արմինէ Գրիգորեանի նուէրը։ 13 անուն, 144 միաւոր լրագիր, որոնցմէ 103-ը բացակայ եղած է Հայաստանի ազգային գրադարանի հաւաքածոներէն։

Թուարկենք ստացուած լրագիրներէն քանի մը հատին անուանումները՝ «Ազատ խօսք» (Սոֆիա), «Նոր երկիր» (Փարիզ), «Հորիզոն» (Կ. Պոլիս), «Տարագիր» (Մարսիլիա), «Հայ սիրտ» (Մարսիլիա)։ Ազգային գրադարանը օրէնքի ուժով Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող տպագիր հրատարակութիւններու պարտադիր օրինակներ կը ստանայ։ Մինչդեռ սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող պարբերականները եւ գիրքերը գլխաւորաբար մեզի կը հասնին մեր ազգասէր եւ հայրենասէր հայրենակիցներու նուիրատուութիւններուն շնորհիւ։ Շնորհակալ ենք մեր բոլոր նուիրատուներուն եւ աջակիցներուն։