ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Ազգային գրադարանին ընթերցասրահները ձեզ կը սպասեն

հլս 26, 2024 Նորություններ-arm

mec yntercasrah 
 

Հակառակ ամռան տօթ օրերուն՝ Ազգային գրադարանէն ներս գրանցուողներուն թիւը չի նուազիր։ Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս գրանցուելու համար անհրաժեշտ է ներկայացնել միայն անձնագիր եւ «3x4» չափի մէկ լուսանկար: Հաշուուած րոպէներ եւ դուն ընթերցող ես։ 

Գրադարանէն ներս կը գործեն 10 ընթերցասրահներ.

 • Ընդհանուր ընթերցասրահ,

 • Գիտական ընթերցասրահ, 

• Ընթացիկ մամլոյ ընթերցասրահ, 

• Արուեստի ընթերցասրահ, 

• Ձայնանիշային եւ երաժշտական գրականութեան ընթերցասրահ,

 • Մատենագիտութեան եւ գրադարանագիտութեան ընթերցասրահ, 

• Սեղմագիրներու եւ ատենախօսութիւններու ընթերցասրահ,

 • «Արեւ» կոյր եւ տկար տեսողութիւն ունեցող ընթերցողներու ընթերցասրահ, 

Ընդհանուր, գիտական եւ մամլոյ ընթերցասրահները աշխատանքային օրերուն կ’աշխատին 09:00 - 21:00, շաբաթ օրը՝ մինչեւ 20:00, կիրակի՝ մինչեւ 17:00: Միւս ընթերցասրահները աշխատանքային օրերուն բաց են մինչեւ 17:30:

Ընթերցողներու գրանցման եւ բաժանումներու ենթաբաժինը բաց է աշխատանքային օրերուն՝ 09:00 - 17:30, շաբաթ՝ 09:00 - 17:00: Ե՛կ ազգային եւ մի փախցներ ամառնային արձակուրդներուն գեղարուեստական գրականութեան ծանօթանալու հնարաւորութիւնդ։