Հեռախոսահամար
հլս 25, 2024 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ
Լոյս տեսած է բանասիրական գիտութեանց դոկտոր, փրոֆեսոր Սուրէն Դանիէլեանի «Oշականի ստեղծագործական հիմնախնդիրները. մեկնութիւն եւ մանրուքներ» մենագրութիւնը։ Անիկա նուիրուած է Յակոբ Օշականի ծննդեան 140-ամեակին։ Գիրքին մէջ Օշականը ներկայացուած է որպէս գրական ճանաչողութեան մէջ երկու զուգադիր սահմաններու մերձեցման հնարաւորութիւն եւ Յակոբ Օշականի ճանաչողութիւնը մեր աշխարհին մէջ արմատաւորելու խնդիր։
«Չափազանց դժուար է երկխօսութիւն ձեւաւորելը սերունդներու միջեւ, գրական աշխարհներու միջեւ, մարդոց միջեւ»,- նշած է հեղինակը՝ նկատել տալով, որ Օշականը բացած է իր առջեւ գրականութեան նշանակութիւնը՝ իբրեւ գերխնդիր, իբրեւ ճանաչողութիւն․ «Օշականը իսկապէս փոխեց մեր պատկերացումներուն աւանդական կարգը։ Այսօր զինք ճանչնալու համար պարզապէս պէտք է ընթերցիլ»։ Գիրքը լոյս տեսած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի ազգային գրադարանի գրականութեան հանրահռչակման բաժնի կողմէ համակարգուող «Աջակցութիւն ստեղծագործողներուն, հետազօտողներուն եւ թարգմանիչներուն» դրամաշնորհային ծրագրի շրջանակէն ներս։