ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Տարեդարձի նուէրներ

հլս 25, 2024 Նորություններ-arm Նուիրատուութիւններ

editprinnit 
 

Ինչպէս արդէն նշած էինք՝ Հայաստանի ազգային գրադարանը 105-ամեակին առթիւ գործընկերներէն բազմաթիւ նուէրներ ստացած է, որոնք սիրով կը ներկայացնենք ձեզի։ «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւնը գրադարանին վաղեմի բարեկամներէն է։ 2024 թուականի փետրուարին հրատարակչութիւնը «Տարուան օրինապահ հրատարակիչ» անուանակարգով ստացաւ Ազգային գրադարանի վկայագիրը։

Այս անգամ «Էտիթ փրինթը» գրադարանին նուիրած է Կարէն Օհանճի «Արամեանց» գիրքը, որ կը պատմէ նշանաւոր ձեռներէց ու բարեգործ Միքայէլ Արամեանցի կեանքի մասին եւ Գէորգ Բրուտեանի «Հայկական տարազ» պատկերագիրքը, ուր ներկայացուած են Տիգրան Մեծէն սկսեալ մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը հայոց տարբեր գաւառներուն տարազները: Վստահաբար Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան համագործակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ։