Հեռախոսահամար
հկտ 11, 2023 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ
Հայոց Մեծ եղեռնի հարցով հազարաւոր ուսումնասիրութիւններ գրուած են։ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձաններ կանգնեցուած են, քանդակներ եւ նկարներ ստեղծուած են, վէպեր եւ գեղարուեստական այլ ստեղծագործութիւններ գրուած են, ֆիլմեր նկարահանուած են, եւ երգեր հիւսուած են:
Հայաստանի ազգային գրադարանը հանրային դասախօսութիւն մը կազմակերպած էր, որուն բանախօսը՝ սուրիահայ ճանչցուած լրագրող, բանասիրական եւ պատմաքաղաքական ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Աւօ Գաթրճեանը ներկայացուց իր «Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը երգ-երաժշտութեան վրայ» ուսումնասիրութիւնը։ Ստուարածաւալ գիրքը կ՚ընդգրկէ ընդարձակ տեղեկութիւններ 19-րդ դարու վերջէն մինչեւ 1915-1923 թուականներուն իրականացուած ցեղասպանութեան հարցով շուրջ 200 երգերու, աւելի քան 50 դասական երաժշտական ստեղծագործութիւններու, ինչպէս նաեւ շուրջ 150 այլ երաժշտական գործերու եւ ֆիլմերու համար գրուած երաժշտութեան վերաբերեալ։
Խորհրդային եւ յետխորհրդային շրջաններուն հայաստանեան հանրութիւնը առաւելապէս ծանօթ էր Անդրանիկ Օզանեանի, Գէորգ Չաւուշի, Նժդեհի եւ ուրիշներու մասին գրուած ազգային-հայրենասիրական երգերուն։ Միջոցառման ընթացքին բանախօսը լսարանին բացայայտեց ցեղասպանութեան մասին մեզի անծանօթ երգեր, երաժշտական ոճեր եւ բնաբաններ։ Աւօ Գաթրճեանի՝ 2010-ին Հալէպի մէջ հրատարակուած «Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը երգ-երաժշտութեան վրայ» գիրքը եւ անոր գրիչին պատկանող այլ ուսումնասիրութիւններ կրնաք կարդալ Ազգային գրադարանէն ներս։