Հեռախոսահամար
սպտ 09, 2024 Հանրային դասախօսութիւններ Միջոցառումներ
Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս լիբանանահայ լուսանկարիչ, արուեստագէտ Հրայր Բազէ Խաչերեանի հետ հանդիպումը իսկական ճամբորդութիւն մըն էր հայկական խաչքարերու աշխարհին մէջ։ Ճանչցուած արուեստագէտը ներկաներուն հասու դարձուց հայկական խաչքարին էութեանը. ի՛նչ է խաչքարը, ի՛նչպէս «կարդալ» իւրաքանչիւր խաչքար։ Խաչերեանը հայ ձեռագիր մատեաններու մանրանկարչութեան եւ խաչքարերու լուսանկարներու համադրութեամբ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, պատմական Հայաստանի տարածքներու, ինչպէս նաեւ աշխարհով մէկ սփռուած նշանաւոր խաչքարերը, քարի մէջ ամփոփուած աստուածաշնչեան մեկնութիւնները։
Հանդիպումը կազմակերպուած էր Հրայր Բազէի՝ 2024-ին լոյս տեսած «Խաչքար» եռալեզու (հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն) գիրքին առթիւ։ Միջոցառման մասնակիցները ծանօթացան Ազգային գրադարանի հաւաքածոյէն՝ հեղինակի տարբեր տարիներուն լոյս տեսած պատկերագիրքերուն։ Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Հրայր Խաչերեանի համաձայնութեամբ լուսանկարիչին բոլոր գիրքերու թուային տարբերակները շուտով հասանելի պիտի ըլլան Ազգային գրադարանի առցանց շտեմարանին մէջ։
Հանդիպման ներկայ էին ճանչցուած արուեստագէտներ, պատմաբաններ, հնագէտներ։ Հնագէտ, պատմաբան, արուեստագիտութեան դոկտոր Յակոբ Սիմոնեանը բարձր գնահատեց Հրայր Բազէի հետազօտական աշխատանքը։ Հրայր Խաչերեանը եւ իր սերնդակիցներ Զաւէն Սարգսեանը, Արգամ Այուազեանն ու Սամուէլ Կարապետեանը անգնահատելի աշխատանք կատարած են հայ մշակութային ժառանգութեան ինքնատիպ մէկ դրսեւորման՝ խաչքարերու արուեստը հանրութեան ներկայացնելու գործին մէջ։