Հեռախոսահամար
մյս 13, 2024 Միջոցառումներ Սինէ-ակումբ
Վերադարձ 1950-ականներու Փարիզ Էրիք Ռոմէրի առաջին աշխատանքին` «Առիւծի նշանը» ֆիլմով։ Պայքարող երաժշտի ինքնաբացայայտման եւ գոյատեւման պայքարը, քաղաքի փողոցներու ոգեշնչող պատկերն այսօր ֆիլմասէրները տեղափոխած էին անցեալ դարաշրջան, ուր իւրաքանչիւր անկիւնը կը պահուէր հեքիաթ, որ կը սպասէ բացուելուն:
Մայիս 7-ին Հայաստանի ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ դահլիճէն ներս ցուցադրուեցաւ Սինէ-ակումբի հերթական՝ «Առիւծի նշանը» ֆիլմը։ Ամերիկացի երաժիշտ Փիէր Վեսերլենի կեանքը գլխիվայր կը շրջուի անսպասելի բացայայտումէն ետք, որ իր հարուստ մօրաքոյրը ժառանգութիւն կը թողու ոչ թէ իրեն, այլ՝ իր զարմիկին։
«Առիւծի նշանը» ֆրանսական «Նոր ալիք» ֆիլմի վաղ շրջանի կարեւոր գործերէն է, մեծ պաստառ բարձրացած է 1959 թուականին եւ կ’ուսումնասիրէ այնպիսի բնաբաններ, ինչպիսին են գոյապաշտութիւնը եւ օտարացումը:
Ֆիլմը նշանաւորեց Էրիք Ռոմէրի՝ որպէս ֆիլմի բեմադրիչի նշանաւոր մասնագիտական կեանքի սկիզբը, նաեւ հիմք դրաւ անոր յետագայ, աւելի ճանչցուած գործերուն համար: Ֆիլմի բեմադրիչ, ֆիլմագէտ Գարեգին Զաքոյեանը` խօսելով ֆիլմին մասին՝ նշեց, որ Ռոմէրի ստեղծած արուեստը իւրայատուկ է։ Այնուհետեւ դահլիճէն ներս ծաւալուեցաւ քննարկում, թէ ինչո՛վ ֆիլմը կը տարբերի մնացեալ արուեստներէն։ «Ֆիլմը միակ արուեստն է, որ կրնայ ժամանակին հետ խաղալ այնպէս, ինչպէս կը կամենայ»,- ըսաւ Զաքոյեանը քննարկման աւարտին։ Ֆիլմագէտը ընդգծեց, որ կարելի է մարդու կեանքին մէկ օրը պատկերելով արտացոլել ե՛ւ հետաքրքրական պատմութիւն ե՛ւ իրականացնել ընկերային վերլուծութիւն. ամէն ինչ։
Յաւելենք, որ Սինէ-ակումբը Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս կը գործէ արդէն երրորդ տարին ըլլալով՝ «Ֆիլմադարան» ֆիլմի մշակոյթի զարգացման հասարակական կազմակերպութեան, Ազգային գրադարանի, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան Ֆրանսական հիմնարկի համագործակցութեամբ։ Ֆիլմերը կը ցուցադրուին ֆրանսերէն՝ հայերէն եւ անգլերէն ենթագիրներով: Մուտքը ազատ է: Հասցէն` Տէրեան 72: