Հեռախոսահամար
հկտ 28, 2024 Սինէ-ակումբ
Երէկ Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս իւրայատուկ ֆիլմի հանդիպում մը կար. այս անգամ ոչ թէ գեղարուեստական, այլ՝ վաւերագրական ֆիլմ մը ցուցադրուեցաւ մեր պաստառին վրայ: ֆիլմասէրները հաւաքուած էին դիտելու ֆրանսացի անուանի բեմադրիչ Անիէս Վարտայի «Դէմքեր, գիւղեր» ֆիլմը (2017), որ արժանացած է Քանի ֆիլմի փառատօնի «Ոսկի աչք» մրցանակին:
Անիէս Վարտայի «Դէմքեր, գիւղեր» ֆիլմը անկեղծ եւ անզուգական ճամբորդութիւն մըն է: Ֆիլմին մէջ 88-ամեայ Անիէս Վարտան (որ այս ֆիլմի նկարահանումէն երկու տարի ետք՝ 2019 թուականին կնքեց իր մահկանացուն) եւ արդի լուսանկարիչ JR-ը կը շրջին Ֆրանսայի գիւղերուն մէջ՝ հանդիպելով զանազան մարդոց եւ իւրայատուկ կերպով ցուցադրելով անոնց առօրեայ կեանքը: Ֆիլմը ոչ միայն գեղեցիկ մարդկային պատմութիւններու շարադրանք մըն է, այլեւ մեզի կը յիշեցնէ պարզ եւ անկեղծ կեանքի մասին:
Սինէ-ակումբը Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս կը գործէ արդէն երրորդ տարին ըլլալով՝ «Ֆիլմադարան» ֆիլմի մշակոյթի զարգացման հասարակական կազմակերպութեան, Ազգային գրադարանի, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան Ֆրանսական հիմնարկի գործակցութեամբ՝ ֆիլմասէրներուն ներկայացնելով ֆրանսական ֆիլմերու ընտրանի մը: Ֆիլմերը կը ցուցադրուին ֆրանսերէնով՝ հայերէն եւ անգլերէն ենթագրերով: