Հեռախոսահամար
դկտ 12, 2024 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ
«Կտաւը պէտք է ծնի ինքնիրեն: Ձեռքը պէտք է աշխատի ինքնիրեն, ամէն բան պէտք է ենթարկուի ներքին մղումին: Ես նկարելու ատեն կ'աշխատիմ ինքզինքս չխանգարել»,- Հրանդ Թադէոսեան:
Օրերս Հայաստանի Հանրապետութեան Ժողովրդական նկարիչ Հրանդ Թադէոսեանը (Թաթոս) Հայաստանի ազգային գրադարանին նուիրած է իր մեծադիր պատկերագիրքը: Հեղինակի տարբեր ժամանակներու եւ նիւթերու նկարները հաւաքուած են այս գիրքին մէջ: 1965 թուականէն սկսեալ Հրանդ Թադէոսեան շուրջ 40 անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Հայաստանի, Ռուսիոյ, Արժանթինի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկրներու մէջ:
«Ինծի համար՝ իբրեւ նկարիչ, այնքան դժուար կանաչ գոյնը Հրանդը կը զետեղէ իր կտաւներուն վրայ նախանձելի համարձակութեամբ, մաքուր, մէկ անգամէն առանց փնտռտուքի: Եւ զիս կը հմայեն, անշուշտ, միւս գոյներն ալ՝ կարմիրը, դեղինը, կապոյտը, որոնք յաջողութեամբ կ'օգտագործէ իր նկարները ստեղծելու ատեն: Անշուշտ, Թաթոսը նշանաւոր հայ նկարիչ է, իր դերը ունի հայկական նկարչութիւնը ստեղծող հայ նկարիչներու կողքին», Յակոբ Յակոբեան, Հայաստանի Ժողովրդական նկարիչ:
Նկարիչին ջերմ մակագրութեամբ անոր գունագեղ պատկերագիրքը այսուհետեւ իր տեղը ունի Հայաստանի ազգային գրադարանի հարուստ գրապահոցին մէջ: