ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Զահրատի 100-ամեակին նուիրուած նուիրատութիւն

դկտ 16, 2024 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ

ԶԱՀՐԱՏ ՀԱՏԸՆՏԻՐ 100 
 

2024-ին լրացաւ հայ ամէնէն նշանաւոր բանաստեղծներէն մէկուն՝ Զահրատի 100-ամեակը։ Ազգային գրադարանը յուլիսին Զահրատի գիրքերու գրեթէ լիակատար ընդգրկումով ցուցադրութիւն մը կազմակերպած էր թամանեանական փոքր ցուցասրահին մէջ։

Յոբելենական տարուան մէջ լոյս տեսաւ Զահրատի 100-ամեակին նուիրուած ստեղծագործութիւններու ժողովածոն՝ «Զահրատ 100 հատընտիր»-ը, որ կազմած է Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքարանի Տեղեկատուութեան եւ հրատարակչութեան բաժանմունքներու պատասխանատու Յովակիմ վարդապետ Սերովբեանը։ Ան անձամբ գիրքէն 2 օրինակ նուիրած է Հայաստանի ազգային գրադարանին, որոնք շուտով պիտի համալրեն գրադարանի հսկայական հաւաքածոն։

Ժողովածոն կը ներկայացնէ Զահրատի լաւագոյն բանաստեղծութիւններու ընտրանին՝ անոր ստեղծագործական ուղիին տարբեր շրջաններէն։ «Զահրատ 100 հատընտիր»-ը իւրայատուկ ուղեցոյց մըն է բանաստեղծին ստեղծագործութիւններու բազմազանութեան մէջ՝ ընդգծելով այն նիւթերը, որոնք մշտապէս կը զարդարեն անոր քերթողութիւնը։ Ժողովածոն ոչ միայն կը խորացնէ բանաստեղծ-ընթերցող կապը, այլեւ կ'ընդգծէ Զահրատի տեղն ու դերը հայ գրականութեան պատմութեան մէջ։

Գիրքը հիանալի ընտրութիւն մըն է թէ՛ անոնց համար, որոնք նոր կը ծանօթանան Զահրատի ստեղծագործութիւններուն, եւ թէ՛ անոնց համար, որոնք կը փափաքին վերստին ընկղմիլ բանաստեղծին քերթողութեան մէջ։