ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

ԱննաՉուլեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է ԵԳՎ հերթական՝ 29-րդ ընդհանուր ժողովը

դկտ 12, 2024 Նորութիւններ Պաշտօնական

ԵԳՎ 29 
 

Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը 2024 թուականի դեկտեմբեր 4-էն 6 Մոսկուայի մէջ մասնակցած է Ռուսիոյ պետական մանկական գրադարանի 55-ամեակին նուիրուած յոբելինական գիտաժողովին, որուն շրջանակէն ներս Աննա Չուլեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է նաեւ Եւրասիոյ գրադարանային վեհաժողովի (ԵԳՎ) հերթական՝ 29-րդ ընդհանուր ժողովը:

Ժողովին ընթացքին քննարկուած են 2025 թուականի ծրագիրները, եւ մասնաւորաբար, Անկախ պետութեանց համագործակցութեան երկրներուն մէջ գրադարանավարներու մասնագիտական վերապատրաստման կազմակերպման հարցերը: Նկատի առնելով, որ Անկախ պետութեանց համագործակցութեան անդամ երկրներու հանրային գրադարաններուն մէջ գրականութեան պաշարի 30-40 տոկոսը մանկական գրականութիւնն է, որոշուած է ԵԳՎ նստաշրջանին՝ այսուհետեւ «Մանկական եւ երիտասարդական գրադարաններու» առանձին նիստեր գումարել:

Վեհաժողովի անդամ երկրներու գրադարաններուն մէջ ընթերցանութեան չափանիշերու եւ չափորոշիչներու վերաբերեալ կարիքներու վերլուծութիւն եւ գնահատում պիտի կատարեն, պիտի մշակուին ընթերցանութեան որակի, զարգացման չափանիշերու եւ չափորոշիչներու հայեցակարգեր՝ հիմնուած միջազգային չափանիշերու վրայ։

Առանձին քննարկում մը եղած է յատուկ կարիքներով անձերու՝ կոյրերու, տկար տեսողութիւն, դժընթերցութիւն, դժպատկերացում ունեցողներու գրադարանային սպասարկման մասին՝ անոնց համար հրատարակուող գրականութեան հրատարակչական նմուշներու մշակման համար։

Նիստին յատուկ կերպով շեշտուած է Անկախ պետութեանց համագործակցութեան անդամ երկրներուն մէջ Մարաքեշի դաշնագրին վաւերացման կարեւորութիւնը, որ Հայաստանը վաւերացուցած է արդէն 2023 թուականի սեպտեմբերին։ Մանկական եւ պատանեկան գիրքի Բ. միջազգային համաժողովին, որուն Անկախ պետութեանց համագործակցութեան երկրներէն մասնակցած են ազգային գրադարաններու տնօրէններ, պետական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ գրողներ, թարգմանիչներ, գիրքերու ձեւաւորողներ եւ նկարիչներ, Աննա Չուլեանը զեկոյց մը ներկայացուցած է «Կամաւորութեան քաղաքականութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ. Ազգային գրադարանի փորձառութիւնը» խորագրով։