Հեռախոսահամար
օգս 22, 2024 Նորութիւններ
Բակունցեան չքնաղ աշխարհը այժմ հասու է նաեւ մակեդոնացի ընթերցողին։ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի համակարգմամբ՝ Բակունցի հանճարեղ պատմուածքները թարգմանուած եւ հրատարակուած են մակեդոներէն՝ «Հայ գրականութիւնը թարգմանութիւններուն մէջ» դրամաշնորհային ծրագրի շրջանակէն ներս։ Մակեդոնացիները «Ալպիական մանուշակ» այս ժողովածոյին մէջ, համանուն պատմուածքէն զատ, կը կարդան գրողին «Մթնաձոր»-ը, «Սեւ ցելերու սերմնացանը», «Լառ-Մարգար»-ը, «Անձրեւը», «Խոնարհ աղջիկը», «Միրհաւ»-ը, «Սպիտակ ձին», «Կէօրէս»-ը, «Խաչատուր Աբովեան»-ը եւ մէկ տասնեակ այլ երկեր։
Տարին բակունցեան է։ Հայաստանի ազգային գրադարանը Ակսէլ Բակունցի 125-ամեակը նշանաւորեց ընթերցանութեան մարաթոնով. ամբողջ հանրապետութիւնով մէկ ընթերցուեցան գրողին՝ նշուած ստեղծագործութիւնները եւ այլ գործեր։ Հաճելի է գիտակցիլը, որ յոբելեանական տարուն ընթացքին Բակունցը կը հնչէ նաեւ այլ լեզուով։ Նշենք, որ վերոնշեալ ծրագրով նախորդ 5 տարուան մէջ հայերէնէն մակեդոներէն թարգմանուած են Գուրգէն Խանճեանի «Ենոքի աչքը», Արամ Հայկազի «Չորս տարի Քրտաստանի լեռներուն մէջ»-ը, Գրիգի «Յիսուսի կատուն», Հրաչեայ Սարիբէկեանի «Երկուորեակներու արեւը», Ալեքսանդր Թոփչեանի «Դրամատուն օսմանեան»-ը եւ այլն։ «Հայ գրականութիւնը թարգմանութիւններուն մէջ» ծրագրին ծանօթացէք Ազգային գրադարանի կայքէն՝ հետեւեալ յղումով: