Հեռախոսահամար
դկտ 03, 2025 Միջոցառումներ

Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ հայ արձակագիր, թատերագէտ, հրապարակախօս, բեմագիր, բեմադրիչ, խմբագիր եւ նկարիչ Աղասի Այուազեանի ծննդեան հարիւրերորդ ամեակին նուիրուած միջոցառում մը, որ ուղղուած էր գրողին հարուստ ստեղծագործական ժառանգութեան գնահատման եւ հանրայնացման։ Միջոցառման շրջանակէն ներս հանրային դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ գրականագէտ, այուազեանագէտ, խմբագիր, լրագրող, բանասիրական գիտութեանց թեկնածու, տոցենթ Անի Փաշաեանը։ Միջոցառման մասնակիցները ողջունեց եւ բանախօսը ներկայացուց ՀԱԳ Ընդհանուր ընթերցասրահի վարիչ Նարինէ Գէորգեանը։
Անի Փաշաեանը իր զեկուցման ընթացքին ներկայացուց Աղասի Այուազեանի գրական, ֆիլմարուեստի եւ գեղարուեստական գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, անդրադարձաւ անոր ստեղծագործութիւններու բնանիւթային բազմազանութեան, կերպարաշինութեան առանձնայատկութիւններուն եւ գրողին մտահոգութիւններուն։ Բանախօսը ներկայացուց նաեւ գրողին հետ ունեցած իր հանդիպումներուն յիշողութիւնները՝ առանձնայատուկ շեշտելով Այուազեանի ստեղծագործական անհատականութիւնը, հայ մշակոյթի նկատմամբ ունեցած նուիրուածութիւնը եւ Թիֆլիսի հանդէպ անոր հոգեւոր կապը։ «Ինքնատիպ արեւելեան այս քաղաքի գեղագիտութեան պատկերումը կը հարստացնէ գրողին ստեղծագործական տարածքը նոր ձայնով ու ռիթմով»,- իր խօսքին մէջ նշեց Փաշաեանը՝ մէջբերելով Այուազեանի խօսքերը. «Թիֆլիսում ծիածանի բոլոր գոյներով Կախեթի գինիներ կային, Երեւանի ծիրան, Թաւրիզի խաղողը ինքն իրեն կը փարւէր զամբիւղներու մէջ, պարսիկները տապկուած քալլայ գլխու վրայ թաւայով ման կ’ածէին ու կը ցրէին անոր բուրմունքը, կը սրսկէին ամէն քունջ ու պուճախ…. Թիֆլիսի մէջ հնդկական խուրմայ կար, դարչին ու մեխակ, արաբական գունաւոր քաղցր ջուրեր, ղալիան, ու կը թեւածէին անոնց հոտերը քաղաքին վրայ, կը միանային իրարու, կախարդիչ ու գունաւոր ամպ մը կը դառնային»։ Սակայն Այուազեանի ստեղծագործութիւններու յենակէտերէն ամենահաստատունը ազգային նկարագրի, ցեղի անցեալին ու ապագային, հայրենիքին ու անոր բնակիչին, հայ մարդու հոգւոյն ու բնաւորութեան մասին խոհերն ու մտորումներն են, այն կարեւոր եզրայանգումները, որոնք կ’ընէ գրողը աշխարհն ու մարդը ճանչնալով իր հայեացքով։ Միջոցառման մասնակցեցան նաեւ Անի Փաշաեանի ուսանողները, որոնք ընթերցեցան Աղասի Այուազեանի ստեղծագործութիւններէն ընտրուած հատուածներ՝ ներկայացնելով գրողին գեղարուեստական մտայղացումներուն կենդանի եւ անմիջական ըմբռնումը։
Ընդհանուր Ընթերցասրահի աշխատակիցներուն նախաձեռնութեամբ միջոցառման շրջանակէն ներս բացուած էր գրականութեան ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած էր գրողին ամբողջական ստեղծագործական ժառանգութիւնը՝ արձակ եւ թատերաական աշխատանքները, ֆիլմի բեմագիրները, գեղարուեստական պատկերագիրքերը, ինչպէս նաեւ ազգային գրադարանի հաւաքածոներուն մէջ պահպանուող այլ նիւթերը։ Ցուցահանդէսին նպատակն էր ներկայացնել Այուազեանի բազմակողմանի արուեստը եւ անոր թողած նշանակալի մշակութային ժառանգութիւնը։ Միջոցառումը հարթակ դարձաւ Աղասի Այուազեանի գրական ժառանգութեան նոր դիտարկումներու եւ ժամանակակից ընթերցողին համար անոր ստեղծագործութեան կարեւորութեան վերարժեւորման համար։
