Հեռախոսահամար
դկտ 04, 2025 Հանրային դասախօսութիւններ Միջոցառումներ

Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ պատմաբան, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ, պատմական գիտութեանց դոկտոր, փրոֆեսոր Ժիրայր Լիպարիտեանի հանրային դասախօսութիւնը «Ինչպէ՞ս մտածել սփիւռքի մասին» խորագրով։ Դասախօսութեան ընթացքին Լիպարիտեանը լայնօրէն անդրադարձաւ հայկական սփիւռքի ձեւաւորման պատմական պատճառներուն, զարգացման փուլերուն եւ ներկայիս խնդիրներուն՝ առաջարկելով սփիւռքը ընկալել որպէս կենսունակ, բազմաշերտ եւ շարունակաբար փոփոխուող իրականութիւն։ Բանախօսը ընդագծեց, որ սփիւռքը միատարր երեւոյթ մը չէ. անիկա ձեւաւորուած է տարբեր դարաշրջաններու, բազմաբնոյթ շարժառիթներով եւ տարբեր կենսական պայմաններու մէջ։
Սփիւռքի ձեւաւորման հիմքին մէջ ընկած են ինչպէս կամաւոր, այնպէս ալ արհեստական գործօններ։ Միջնադարուն եւ յետագայ դարաշրջաններուն վաճառականները, արհեստաւորներն ու գիտնականները տեղափոխուեցան նոր շուկաներ եւ մշակութային միջավայրեր՝ փնտռելով տնտեսական հնարաւորութիւններ եւ մտաւոր զարգացման նոր դաշտեր։ Ժամանակի ընթացքին աշխատանք եւ բարեկեցութիւն փնտռողներու հոսքերը հեռացան Հայաստանէն։ Սակայն սփիւռքի ձեւաւորման աւելի ողբերգական էջերը կապուած են բռնաճնշումներու, պատերազմներու եւ պետական քաղաքականութիւններու հետ, որոնք հարկադրեցին մեծ զանգուածները հեռանալ իրենց պատմական բնակավայրերէն։ Մանաւանդ 19-20-րդ դարերու կոտորածները, Հայոց ցեղասպանութիւնն ու յետագայ բռնաճնշումները հզօր տարագրման ալիքներ ստեղծեցին. այնուամենայնիւ, անիկա հայկական սփիւռքի ձեւաւորման եւ գոյութեան հիմնական պատճառ պէտք չէ դիտարկուի։ Լիպարիտեանի դիտարկմամբ՝ սփիւռքի մէջ մշտապէս առկայ է եւ պիտի մնայ ինքնութեան եւ հայապահպանութեան հարցը։ Ան կարեւորեց այն հանգամանքը, որ Հայաստանի անկախութիւնը եւ միջազգային ճանաչումը նոր սերունդներուն համար զգալիօրէն փոխած եւ որոշ առմամբ թեթեւցուցած է ինքնութեան ճգնաժամի հարցադրումները։

Որպէս խօսուն օրինակ, ան ներկայացուց Քուպայի հայ համայնքը։ 1920-ականներուն հոն կար բաւական մեծ, աշխուժ եւ հայախօս համայնք մը, սակայն ժամանակի ընթացքին, բնական նուազման եւ արտագաղթի հետեւանքով, մօտ տասնամեակ մը առաջ արդէն մնացած էր միայն տասը ընտանիք։ Այսօր, ինչպէս նշեց բանախօսը, հնարաւոր է, որ Քուպայի մէջ այլեւս հայախօս ընտանիքներ բոլորովին չըլլան։ Այս օրինակը, Լիպարիտեանի համոզմամբ, ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս կը մարին սփիւռքի որոշ օճախներ խաղաղ, առանց ցնցումներու, մինչդեռ միւսները կը զարգանան եւ կը վերաձեւաւորուին՝ նոր բովանդակութեամբ ու դերակատարութեամբ։
Դասախօսութեան ընթացքին ան շարունակ շեշտեց, որ սփիւռքը պէտք է դիտարկել ոչ թէ որպէս «աւարտած» պատմական փաստ, այլ որպէս շարժման մէջ գտնուող համակարգ մը, որ կ’ապրի տարբեր մշակոյթներու, լեզուներու եւ պետական կառուցակարգերու միջավայրին մէջ։ Այդ իրողութիւնը կ’ենթադրէ միաժամանակ վերելքներ ու անկումներ, ստեղծում եւ քայքայում, համախմբում եւ տարրալուծում, ինչ որ, ըստ Լիպարիտեանի, բնական է նման բազմակեդրոն ու բաց կառուցուածք ունեցող միութեան համար։
Դասախօսութեան աւարտին Ժիրայր Լիպարիտեան պատասխանեց բազմաբնոյթ հարցերու՝ անդրադառնալով սփիւռքի ապագայի հեռանկարներուն, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն, ինքնութեան պահպանման ռազմավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ համահայկական միասնական հարթակներու եւ կառուցողական համագործակցութեան անհրաժեշտութեան։ Անոր վերլուծութիւնները եւ ներկայացուած օրինակները անգամ մը եւս ընդգծեցին, որ սփիւռքը ոչ թէ անցեալի ժառանգութիւն է, այլ ընթացիկ, շարունակաբար վերափոխուող իրականութիւն մը, որուն ապագան մեծապէս կախուած է թէ՛ սփիւռքահայ համայնքներու ներքին կենսունակութենէն, թե՛ Հայաստանի հետ փոխշահաւէտ եւ երկարաժամկետ կապերու ձեւաւորումէն։