Հեռախոսահամար
հնս 05, 2026 Նորութիւններ
Սորվիլ, բացայայտել, ստեղծագործել եւ խաղալ՝ գիրքին ու հայկական տպագրութեան հետաքրքրական աշխարհին մէջ։ Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Տպագրութեան թանգարանը կը հրաւիրէ երեխաներն ու պատանիները՝ պատմութիւնը նոր ձեւաչափով բացայայտելու՝ ստեղծագործական աշխատանքներու, խաղերու եւ ժամանակակից արհեստագիտութիւններու միջոցով։
«ՓՈՔՐ ՏՊԱՐԱՆ»
Ստեղծագործական աշխատանոց մը, ուր մասնակիցները ոչ միայն պիտի ծանօթանան հայկական տպագրութեան եւ գիրքի պատմութեան, այլեւ պիտի դառնան այդ պատմութեան աշխոյժ մասնակիցները։ Ծրագիրը կը ներառէ՝
🔤 «Իմ առաջին այբբենարանը» աշխատանոց
📚 Հայկական տպագրութեան պատմութիւն (խաչբառ)
🎭 Լեզուական եւ բարբառային խաղեր
📖 «Գիրքն իմ ձեռքերով» աշխատանոց
🖨 «Փոքր տպարան» աշխատանոց
👧🧑 Տարիքային խումբ՝ 6-15 տարեկան
⏳ Տեւողութիւն՝ 1.5-2 ժամ
✨ Բացայայտեցէ՛ք գիրքի, տպագրութեան եւ հայկական մշակոյթի աշխարհը՝ հետաքրքրական, կրթական եւ ստեղծագործական միջավայրի մը մէջ։
📌 Գրանցուելու համար՝ https://forms.gle/PpaPaKbo9aejmrT1A
📞 Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար՝ 033 62 35 13
