ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Եոհան Վոլֆկանկ ֆոն Կէօթէ 275

սպտ 09, 2024 Նորութիւններ

volfhang 
 

 «Կարդացած գիրքը վերընթերցիլը կրթուածութեան ամէնէն յուսալի փորձաքարն է»: Կէօթէն այդպէս համարած է։ Այսօր գերմանացի մեծ բանաստեղծ, գրող, վիպասան, թատերագիր եւ փիլիսոփայ Եոհան Վոլֆկանկ ֆոն Կէօթէի ծննդեան օրն է։ Այս տարի կը նշուի բանաստեղծին 275-ամեակը։ Կէօթէի ստեղծագործութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի գերմանական բանաստեղծութեան գլուխգործոց «Ֆաուսթ» ողբերգութիւնը, որուն վրայ բանաստեղծը աշխատած է աւելի քան 60 տարի: Գերմանական վիպապաշտութեան հանճարեղ ներկայացուցիչը գրած է մօտ 1600 բանաստեղծութիւն: Դեռեւս 1830 թուականին անոր բանաստեղծութիւններէն առաջինը հայերէն թարգմանած է Խաչատուր Աբովեանը: Կէօթէի «Վարդը» բանաստեղծութիւնը թարգմանած է Յովհաննէս Թումանեանը, որուն համար երաժշտութիւն գրած է Ռոմանոս Մելիքեանը:

Հայաստանի ազգային գրադարանի՝ Կէօթէի գիրքերու հարուստ հաւաքածոյին մէջ ամէնէն յայտնի եւ ամէնէն հազուադէպ հրատարակութիւններն են. 1875-ին եւ 1884-ին Լայփցիկի եւ Շթութկարտի մէջ լոյս տեսած գերմաներէն տասհատորեակները, գերմաներէն 20, 40, 50 հատորեակներ, Պորիս Փասթեռնաքի թարգմանութեամբ «Ֆաուսթը», Կէօթէի եւ Շիլլէրի նամակագրութեան երկհատորեակը, «Ֆաուսթի», «Էկմոնթի», «Վերթերի»՝ Քահիրէի, Թիֆլիսի, Պէյրութի, Երեւանի, Վաղարշապատի մէջ լոյս տեսած հայերէն ամէնէն տարբեր թարգմանութիւնները եւ այլն: Ազգային գրադարանէն ներս կրնաք ընթերցիլ Կէօթէի գրական ժառանգութեան լաւագոյն հրատարակութիւնները՝ տարբեր ժամանակներու եւ երկրներու մէջ լոյս տեսած հայերէն բազմաթիւ ստեղծագործութիւնները, անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ այլ լեզուներով առանձին հրատարակութիւններ: Կէօթէի հազուագիւտ շատ գիրքեր կը պահուին գրադարանի Անձեռնմխելի գրականութեան բաժնի գրապահոցին մէջ՝ Լազարեան ճեմարանի, Արղութեան-Երկայնաբազուկի, Լէոյի եւ այլ հաւաքածոներուն մէջ։ Եկէք Ազգային գրադարան՝ ընթերցինք, վերյիշենք, վերընթերցինք Կէօթէի յայտնի ու անյայտ ստեղծագործութիւններն ու գիրքերը: