ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Ընթերցանութեան մարաթոն. Բակունցեան ընթերցումներ

ապր 26, 2024 Միջոցառումներ

կյրորեսգրքեր

«Գորիսի ոչ մէկ փողոցին վրայ լեզուն այնքան վճիտ էր, ինչպէս Հին ճանապարհին վրայ։ Ատիկա լեզու չէր, այլ՝ կարօտ, տխրութիւն, զայրոյթ. այդպէս Ղաթրինի ձորին մէջ կ’երգէր կաքաւը եւ կը մթննար կը կարկաչէր Ցուրտ աղբիւրը»։

Ամբողջ բակունցեան օր մը Հայաստանի գրադարաններուն մէջ հնչեց «այդքան գեղեցիկ ու հնչեղ Կէօրէսի լեզուն։ Անիկա չքնաղ գորգ մըն էր՝ նախշերով եւ վարդ ծաղիկներով հին գորգ մը, ինչպէս Մինայի աղջիկ ժամանակ գործած գորգը...»։ Ընթերցանութեան մարաթոնը բոլորը համախմբած էր բակունցեան ընթերցումներուն շուրջը։

Ազգային գրադարանային շաբթուան շրջանակէն ներս Հայաստանի ազգային գրադարանին կազմակերպած ամէնէն խոշոր, ընդգրկուն միջոցառումը Ընթերցանութեան մարաթոնն էր։ Մարաթոնին միացան Երեւանէն ու մարզերէն, առցանց հարթակը համախմբած էր մարզային բոլոր գրադարանները, համայնքային գրադարանները, մասնակցեցան գրողներ, ուսուցիչներ, ուսանողներ, աշակերտներ, այլ անհատներ։    

ՆերսեսՀայրապետյանն 

Կէօրէս-Գորիսէն սկսելով եւ Երեւանէն մարզ, մարզէն Երեւան հերթագայելով՝ ընթերցանութեան մարաթոնը եզրափակեց Երեւանը եւ այն ալ՝ Երեւանով. Ազգային գրադարանի աշխատակիցները ընթերցեցան, Բակունցի ըսած՝ «մեր քաղաքի»՝ Երեւանի մասին փոքրիկ պատմութիւնը՝ «Փրովինսի մայրամուտը»։

Այնուհետև «Կյորեսը» շարունակեցին գրադարանի գիտական գծով փոխտնօրեն Հայկանուշ Ղազարյանը, գրադարանի աշխատակիցներ, ապա միացան Երևանի և մարզերի գրադարանները, անհատներ։

ՀայկանուշՂազարյանն

 Մեզի միացան Գորիսի՝ Բակունցի տուն-թանգարանէն, ընթերցում կազմակերպուեցաւ Գորիսի համայնապատկերին վրայ բացուող հարթակէն։ Ու թէեւ «Կէօրէս»-ը կ’աւարտի «Մինան լաց կը լինէր, եւ անոր հետ լաց կը լինէր Կէօրէսի լեզուն...» բառերով, բայց ուրբաթ Կէօրէսի ու Բակունցի չքնաղ, վճիտ լեզուն ցնծութիւն ապրեցաւ հաստատապէս։

դիանա համբարձումյան