Հեռախոսահամար
հկտ 03, 2025 Նորութիւններ Միջոցառումներ

Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս կը շարունակուի EIFL-ի տարեկան համաժողովը։ Հոկտեմբեր 1-ին Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս կայացաւ «EIFL»-ի տարեկան համաժողովի երկրորդ օրը․ անիկա կարեւոր հնարաւորութիւն տուաւ միջազգային գրադարանային եւ ակադեմական համայնքի ներկայացուցիչներուն՝ բաժնեկցելու փորձով եւ անդրադառնալու բաց գիտութեան ու գիտելիքի հասանելիութեան հիմնարար խնդիրներուն։ Օրուան ընթացքին քննարկուեցան շարք մը առանցքային հարցեր․ Հեղինակային իրաւունքի պաշտպանութիւն եւ կրկնակի հրապարակման իրաւունքներ (SPR). «EIFL»-ի Հեղինակային իրաւունք եւ գրադարաններ ծրագրի ղեկավար Թերեզա Հաքեթը ներկայացուց հեղինակային իրաւունքի պահպանման նոր գործիքները եւ Սլովենիոյ օրինակը, ուր «SPR»-ը ամրագրուած է ազգային օրէնսդրութեան մէջ։
«Diamond» բաց հասանելի հրատարակումներ. Նեփալի, Սերպիոյ եւ Թանզանիոյ ներկայացուցիչները բաժնեկցեցան յաջողած փորձառութեամբ՝ ընդգծելով որակի եւ կայունութեան ապահովման կարեւորութիւնը։ Նիստին ելոյթ ունեցան Միլիցա Շեւքուշիչը, Թաթիանա Թիմոթիեւիչը, Սակարճ Ռաճ Սուպետին եւ Փոլ Սամուէլ Մունեճան։
Persistent Identifiers (PIDs). քննարկուեցաւ DOI, ORCID եւ ROR նոյնացուցիչներու կիրառման փորձը եւ անոնց դերը՝ գիտական արդիւնքներու մատչելիութիւնն ու ճանաչելիութիւնը բարձրացնելու գործին մէջ։ Խօսնակներն էին Իրինա Քուչմանը, Կիրմա Աւեքէն Տենքայեհուն եւ Միլիցա Շեւքուշիչը։ Բացի հիմնական զեկուցումներէն, մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան քննարկելու նաեւ նորագոյն գործիքներ «OpenAlex» հարթակին վրայ, պահոցներու մարտահրաւէրները եւ արհեստական բանականութեան կիրառութիւնը գրադարաններուն մէջ։ Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ հանդիպում հրատարակիչներու հետ, որ կարեւորեց միջազգային համագործակցութիւններու խորացման անհրաժեշտութիւնը։ «EIFL»-ի համաժողովի երկրորդ օրը անգամ մը եւս ընդգծեց գիտելիքի ազատ ու հաւասար հասանելիութեան գաղափարին շուրջ համախմբուածութեան կարեւորութիւնը։
