Հեռախոսահամար
հնս 11, 2024 Միջոցառումներ Գրական հանդիպումներ
Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ բանաստեղծ, գրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ եւ խմբագիր Վարլէն Ալեքսանեանին նուիրուած յուշցերեկոյթ, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ անոր նոր՝ «Վերադարձ» ժողովածոն։ Բացման խօսքին մէջ Ազգային գրադարանի տնօրէնի խորհրդական Ներսէս Հայրապետեանը ընդգծեց, որ Վարլէն Ալեքսանեանը անմիջական կապ ունի Ազգային գրադարանին հետ։ 2013-2014 թուականներուն նոյնինքն էր գրադարանի հրատարակած «Հոգեւոր հայրենիք» թերթի գլխաւոր խմբագիրը։ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էտուարտ Միլիթոնեանը խօսեցաւ Վարլէն Ալեքսանեան մարդուն եւ գրողին մասին, պատմեց իր յուշերը։ Մասնակիցներն ու հիւրերը միջոցառման ընթացքին վերադարձան ժամանակներ, երբ մեզի հետ էր իւրօրինակ բանաստեղծը՝ Վարլէն Ալեքսանեանը։ Կարծես բանաստեղծը ինքն իր բանաստեղծութեան հետ վերադարձաւ նոր գիրքի բովանդակութեամբ, որ ճիշդ այդպէս ալ կը կոչուի՝ «Վերադարձ»։
Բանաստեղծին այսօրինակ վերադարձին մէջ անգնահատելի դեր ունի ժողովածոյի խմբագիր, Վարլէնի վաղեմի գրչակից, գործընկեր եւ պարզապէս մտերիմ ընկեր Դաւիթ Մկր Սարգսեանը, որ իր սրտի խօսքը ըսաւ բանաստեղծին ու ընկերոջ մասին։ Վարլէն Ալեքսանեանի հետ երկար տարիներու մտերմութիւն ունեցած են արուեստի ու գրականութեան աշխարհէն շատ-շատերը։ Դահլիճէն ներս ներկայ էին անոնցմէ շատերը, ելոյթ ունեցան գրող, հրապարակախօս Վրէժ Սարուխանեանը, բանաստեղծ, թարգմանիչ Շանթ Մկրտչեանը, բանաստեղծ Յակոբ Յարութիւնը։
Վարլէն Ալեքսանեանի աշխատանքային երկար ճանապարհը ձգուած է Հայաստանի պատմութեան պետական թանգարանէն մինչեւ Ազգային գրադարան։ Հայկական հանրագիտարանի խմբագրութեան մէջ ան եղած է աւագ գիտական խմբագիր։ Հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագիր Յովհաննէս Այվազեանի խօսքը կարդաց խմբագրութեան Գրականութեան եւ լեզուի բաժնի գլխաւոր խմբագիր Էսթէր Խանիկեանը։ Բանաստեղծին գործերը ընթերցեցան դերասան Վահագն Սիմոնեանը եւ միջոցառման վարող՝ մշակութային գործիչ, լրագրող Սիրանոյշ Եղիազարեանը։ Բանաստեղծ Նորայր Գրիգորեանը Վարլէն Ալեքսանեանի յիշատակին նուիրուած իր բանաստեղծութիւնը ընթերցեց։ Կեանքի օրօք Վարլէն Ալեքսանեանը հեղինակած է 9 ժողովածոյ, խմբագրած է բազմաթիւ գիրքեր, որոնց շարքին են՝ Շարլ Ազնաւուրի «Անցած օրեր»-ը եւ ռումինահայ գրող, պետական գործիչ Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեան»-ը։
«Գրականութիւնը աւելի լուրջ է, քան կը պատկերացնենք: Ժամանակը շատ անողոք է, ժամանակը չի ներեր այն մարդիկը, որոնք խաբեութեամբ կը զբաղին»,- ասիկա էր Վարլէն Ալեքսանեանի մօտեցումը գրականութեան, եւ այսպէս իր գրականութեան հը վերաբերէր բանաստեղծը։