Հեռախոսահամար
մրտ 23, 2026 Միջոցառումներ

Թուղթեր, թելեր, մատիտներ, Միսաք Մեծարենցի գիրքերը, արեւմտահայերէն բառարաններ, գաւաթ մը թէյ… ու քիչ մը խենթ առաջադրանքներ։ Բայց՝ ոչ մէկ «կանոն»։ Այսպէս սկսաւ բանաստեղծութեան օրը գրադարանէն ներս։ Ան «կը խօսէր» գոյներով, նախշերով ու… անսպասելի հանդիպումներով։ Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Մեծարենցը ներկայացուեցաւ բոլորովին այլ ձեւով. ոչ թէ պարզապէս ընթերցեցանք, այլ «խաղացինք» անոր տողերուն հետ։
Արուեստագէտ Գոհար Սարգսեանի աշխատարանին մէջ մասնակիցները՝ Հայաստանի գեղարուեստի պետական ակադեմիոյ ուսանողները, ՀԳՊԱ գրադարանի տնօրէնուհի Մարգարիտա Յովսէփեանի ուղեկցութեամբ եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի աշխատակիցները բաժնուեցան խումբերու, ու սկսաւ ստեղծագործական փոքր խենթութիւն մը. գիրքերէն դուրս եկան պատկերներ, բառերը դարձան նախշեր, իսկ բանաստեղծութիւնները՝ աւելի տեսանելի։Եւ ամէն խումբ իր ձեւով «բացաւ» Մեծարենցը. մէկը՝ գոյներով, միւսը՝ ձեւերով, երրորդը՝ բառերու նոր խաղով։ Ոչ մէկ ճիշդ կամ սխալ տարբերակ կար։
Կար միայն ընկալում, զգացողութիւն ու քիչ մը համարձակութիւն՝ բանաստեղծութիւնը քանդելու ու վերստին կազմելու։ Իսկ անկիւն մը կը շարունակէր իր լուռ, բայց ամէնէն հետաքրքրական գործը «Բանաստեղծական երկխօսութեան արկղիկը». նամակներ, բանաստեղծութիւններ անծանօթներուն, փոքրիկ գաղտնիքներ, նոր ծանօթութիւններ, եւ գրադարան վերադառնալու պատճառ մը եւս։ Եւ յանկարծ պարզ դարձաւ՝ բանաստեղծութիւնը միայն կարդալու համար չէ։ Անիկա կարելի է շօշափել, կտրել, սոսնձել, փոխել… ու ամէն անգամ կրկին գտնել։ #բանաստեղծութեան_համաշխարհային_օր #Միսաք_Մեծարենց_140
