Հեռախոսահամար
սպտ 28, 2023 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ
Հայաստանի ազգային գրադարանը կազմակերպած էր Ուիլիամ Սարոյեանի ծննդեան 115-ամեակին նուիրուած «Սարոյեանը երէկ, այսօր, վաղը» խորագրեալ հանրային դասախօսութիւնը։ Բանախօսը ֆիլմագէտ, թարգմանիչ Զաւէն Պոյաճեանն էր։ Ան արժեւորեց մեծ գրողին ստեղծագործութիւնները՝ անդրադառնալով անոր անցեալ ու ներկայ թարգմանութիւններուն, խօսեցաւ սփիւռքահայ մամլոյ մէջ Սարոյեանի գրականութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան, գնահատանքի, ինչպէս նաեւ՝ ատոր նուազման պատճառներուն մասին։ «Մինչ օրս Սարոյեանը աշխարհի ամէնէն յայտնի հայազգի գրողն է»,- վստահեցուց թարգմանիչը՝ նշելով, որ սփիւռքահայ մամլոյ մէջ Սարոյեանի գործերը սկսած են թարգմանուիլ 30-ականներու երկրորդ կէսէն։ Ինչ կը վերաբերի Խորհրդային Հայաստանին, Սարոյեանի՝ հայերէն թարգմանուած առաջին գիրքը՝ «Ժամուան մէջ 60 մղոն» պատմուածքներու ժողովածոն, լոյս տեսած է 1959 թուականին։ Պոյաճեանի՝ Սարոյեանին «ճանչնալը» նոյնպէս սկսած է այդ ժողովածոյով։ «Շատ յաճախ հնչող հարցերէն մէկն է, թէ ինչո՛ւ Սարոյեանը, որ բաւականին մեծ արձագանգ կը յառաջացնէր 30-40-ականներուն, նոյնիսկ 50-ականներուն, եւ շատ խոստումնալից ու ամէնէն կարեւոր գրողներէն մէկը կը համարուէր, հետզհետէ շատ աւելի ու աւելի պաղ ընդունելութեան արժանացաւ եւ աստիճանաբար մոռցուեցաւ ամերիկեան գրականութեան մէջ։ Ասիկա շատ բարդ հարց մըն է, եւ երեւի հնարաւոր չէ բոլոր տեսանկիւններէն պատասխանել»,- ըսաւ Զաւէն Պոյաճեանը՝ շարունակելով. «Սարոյեանի թարգմանական ճակատագիրը ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ Ռուսիոյ մէջ չէի ըսեր բարւոք է, որովհետեւ ռուսերը Սարոյեանին «յայտնաբերեցին» այնժամ, երբ ընդունուած էր թարգմանել Ֆոլքնէր, Հեմինկուէյ, Սթայնպէք, եւ Սարոյեանը մնաց այդ գրողներուն ստուերին տակ... Սարոյեանը այսօր աւելի շատ մոռցուած, կիսամոռցուած գրող մըն է յատկապէս դուրսի աշխարհին համար, յատկապէս նշուած գրողներուն կողքին»։
Թարգմանիչին խօսքով՝ անհրաժեշտութիւն կար վերստին անդրադառնալու Սարոյեանին՝ անոր գործերը նորովի թարգմանելու կամ այդ թարգմանութիւններու շրջանակը ընդլայնելու ։ Բանախօսը նշեց, որ «Անտարէս» հրատարակչութիւնը, որ հրատարակած է Սարոյեան մատենաշարը եւ արդէն 9 գիրք լոյս ընծայած է, թերահաւատօրէն կը վերաբերէր սարոյեանական յատուկ մատենաշար ունենալու գաղափարին։ «Շատերը կը համարէին, որ Սարոյեանը արդէն ճանչցուած, իւրացուած հեղինակ մըն է եւ հազիւ թէ հետաքրքրութեան նոր ալիք յառաջացնէ: Սակայն երբ գիրքերը տպուեցան, եւ ատոնց շուրջ, բառիս բուն իմաստով, ընթերցողական պայթում մը յառաջացաւ, եւ մի քանի տարի սարոյեանական գործերը տարեվերջեան արդիւնքներով դարձան «Անտարէս»-ի հրատարակած լաւագոյն գիրքերէն, մենք հասկցանք, որ Սարոյեանի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մեծ է»,- ընդգծեց Զաւէն Պոյաճեանը։ Բանախօսը շեշտեց. «Սերունդները փոխուած են, եւ շատերը նորովի կ՚ընկալեն Սարոյեանը, ուստի անհրաժեշտութիւն կայ՝ մեր ծանօթութիւնը Սարոյեանի հետ աւելի խորացուի, ընդլայնի, որովհետեւ շատերը կը կարծեն, որ Սարոյեանի գործերը կը սպառին տպագրուած գործերով, բայց կը հաւատացնենք, որ բնաւ այդպէս չէ»։ Զաւէն Պոյաճեանը համոզմունք յայտնեց, որ Սարոյեանի բազմաթիւ գործեր շատ կարեւոր են յատկապէս հայերուս համար, ուստի ատոնք պէտք է թարգմանուին։ Անոր կարծիքով՝ եթէ «Սարոյեանը այսօր Ամերիկայի կամ արեւմուտքի մէջ կիսով չափ մոռցուած գրող մըն է, ապա ատիկա կը նշանակէ, որ մենք աւելի շատ, այսպէս ըսած, տիրոջ իրաւունքով պէտք է տէր կանգնինք Սարոյեանին եւ անոր ստեղծած գրականութեան»։
Հայաստանի ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ ցուցասրահէն ներս բացուած է նաեւ Սարոյեանի ստեղծագործութիւններուն, անոր վերաբերեալ գրականութեան եւ ոչ գրքային հրատարակութիւններուն, մասնաւորապէս, բացառիկ պատկերագիրքերուն ցուցադրութիւնը։ Ներկայացուած են գրողին առաջին՝ «Խիզախ պատանին թռչող ճօճաձողին» գիրքին՝ 1934-ի առաջին հրատարակութենէն մինչեւ 1979-ին անոր կենդանութեան օրօք լոյս տեսած վերջին գիրքը, անգլերէն բազմաթիւ այլ բնօրինակ արժէքաւոր հրատարակութիւններ, «Մարդկային կատակերգութիւն» երաժշտական թատերակը՝ բացառիկ հրատարակութիւն մըն է, Սարոյեանի գիրքերուն գերմաներէն, ֆրանսերէն, թրքերէն, ռումիներէն, լաթուերէն, ռուսերէն թարգմանութիւնները, գրողին ինքնագիրով գիրքեր, անոր նամակները եւ շատ այլ նիւթեր։ Յաւելենք, որ ցուցադրութիւնը պիտի գործէ մինչեւ սեպտեմբեր 25։