Հեռախոսահամար
օգս 05, 2024 Նորութիւններ
Այսօր Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ «ORCID. գիտնականներու միասնական միջազգային գրանցամատեան» խորագրով դասախօսութիւն, որուն կը մասնակցէին աւելի քան 20 մասնագէտներ Հայաստանի ԳԱԱ պատմութեան եւ արուեստի հիմնարկներէն, Չարենցի տուն-թանգարանէն, Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան բանջարապարտէզային եւ գործառութային մշակաբոյսերու գիտական կեդրոնէն, Երեւանի պետական համալսարանէն, ՀԱՊՀ Գիւմրիի մասնաճիւղէն, Պրուսովի անուան եւ Եւրոպական համալսարաններէն եւ այլ ուսումնական ու գիտական կազմակերպութիւններէն։
Անիկա վարեց Գրականութեան հանրահռչակման բաժնի վարիչ Արմինէ Վարդանեանը։ «ORCID»-ը ըլլալով շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն, իր տեսակով միակ կայքն է հետազօտողներու, գիտնականներու համար, որոնք կ’ուզեն իրենց մասնագիտական գործունէութիւնը՝ կրթութիւնը, աշխատանքային փորձը, դրամաշնորհները, գիտական յօդուածները համախմբել մէկ տիրոյթէ ներս։
Դասախօսութեան ընթացքին քննարկուեցան «ORCID»-ի օգտագործման գործնական երեսակները, առաւելութիւնները, գրանցման եւ տեղեկատուութեան փոխանակման հնարաւորութիւնները: Բանախօսը մանրամասն ներկայացուց համակարգին մէջ գրանցուելու եւ օգտուելու կանոնները եւ մասնակիցներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց շարք մը կարեւոր դրոյթներու վրայ։ Հայաստանի ազգային գրադարանը սեպտեմբերէն սկսեալ կը նախատեսէ նմանատիպ ուսուցողական դասախօսութիւններու շարք մը կազմակերպել։ Շարունակեցէ՛ք հետեւիլ մեզի, որպէսզի բաց չթողէք մասնակցութեան ձեր հնարաւորութիւնը։