Հեռախոսահամար
հլս 09, 2024 Նորութիւններ
Հայաստանի գրադարանային եզրաբանութեան ոլորտը ամբողջութեամբ ձեւաւորուած է ռուսական գրադարանային-մատենագիտական դպրոցի ազդեցութեամբ: Գրադարանային եզրոյթներու առաջին ռուս-հայերէն, հայ-ռուսերէն բառարանը լոյս տեսած է 1950 թուականին: Զայն կազմած էր նշանաւոր գրադարանավար Արամ Պապայեանը, իսկ բառարանի խմբագիրն է ակադեմիկոս Գուրգէն Սեւակը:
Գրադարանագիտական բառարանները սովորաբար կը ներառեն ոչ միայն գրադարանագիտութեան, մատենագիտութեան եւ տեղեկատուական գիտութիւններու վերաբերեալ եզրաբանութիւնը, այլեւ հրատարակչական եւ տպագրական գործի, գիրքի պատմութեան, համակարգչային արուեստի, գրականութեան, հեռահաղորդակցութեան եւ համակարգչային գիտութիւններու բառապաշարը, որոնք կազմողները, ըստ իրենց հայեցողութեան, կրնան օգտակար համարել գրադարանավարներուն եւ տեղեկատուական մասնագէտներուն համար:
Նոյն երկլեզու սկզբունքով 1980-ականներուն կազմուած է Ազգային գրադարանի գրադարանագիտութեան գիտահետազօտական բաժինի վարիչ Ծովիկ Միքայէլեանի եւ նոյն բաժնի աշխատակից Տաթեւիկ Նաւասարդեանի կազմած բառարանը, որուն խմբագիրն է մեծանուն լեզուաբան, ակադեմիկոս Էտուարտ Աղայեանը: Բառարանը պատրաստ եղած է տպագրութեան 1990-ական թուականներուն սկիզբը, սակայն միջոցներու անբաւարարութեան պատճառաւ լոյս տեսած է միայն 2001 թուականին: Անիկա կ’ընդգրկէ մօտ 1.600 գրադարանային-մատենագիտական, գրքագիտական, հրատարակչական, համակարգչային եւ այլ գիտութիւններու եզրեր: 21-րդ դարասկզբին գրադարաններու համակարգիչի ներմուծման եւ հաւաքածոներու թուայնացման բերումով խնդիր յառաջացաւ գրադարանային ոլորտի նոր բառարան մը ունենալ, որ պէտք է արտացոլէր գրադարանային նոր իրողութիւնները եւ հիմքեր ստեղծէր ինքնաշխատ գրադարանային համակարգերուն մէջ գրադարանային եզրոյթներու կիրառման միասնական մօտեցումներու համար: Վերջերս այս նախաձեռնութեամբ առցանց քննարկումներ սկսած է Հայ գրադարանավարներու եւ արխիւագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը (IAALA):