ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէս | սեպտեմբեր

հկտ 18, 2024 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ

արևմտահայերեն սեպտեմբեր 2024 
 

Հայաստանի հանրային գրադարաններէն ներս ամէնէն ընթերցուած գեղարուեստական գիրքերու սեպտեմբերեան տասնեակներուն ամփոփումը խառն մտորումներու տեղիք կու տայ։ Սեպտեմբերեան ընթերցանութեան պատկերը մեծ հաշուով յար եւ նման է նախորդ ամիսներուն։ Պատճառները բազմաթիւ են, որոնցմէ կարելի է առանձնացնել մի քանին։

Գրադարաններու ցուցակներուն վրայ կը գերակշռեն հայ դասական հեղինակները (Խաչատուր Աբովեան, Րաֆֆի, Նար Դոս, Մուրացան, Զօհրապ, Ալեքսանդր Շիրուանզադէ), որոնց ստեղծագործութիւնները դպրոցականները կարդացած են ամառնային արձակուրդի շրջանին: Վերջին տարիներուն համայնքային գրադարաններու ընթերցողներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը կը կազմեն դպրոցական տարիքի ընթերցողները եւ համալսարաններու ուսանողները։ Յետհամալսարանական տարիքի ընթերցողներուն տեսակարար կշիռը գրադարաններուն մէջ կտրուկ անկում ապրած է։ Պատճառները բազմաթիւ են՝ ընթերցողներուն ընկերային վիճակ, նոր լոյս տեսնող գրականութեամբ գրադարաններու համալրման բացակայութիւն, հաղորդակցութեան թուային միջոցներու աճ, գրադարանային ծառայութիւններու ընդլայնման անհրաժեշտութիւն եւ այլն։

Ուսումնական գրականութենէն զատ ամէնէն շատ սպասարկուած գիրքերու տասնեակին մէջ են նաեւ Ակաթա Քրիստիի, Ալեքս Մայքլիտիսի, Ալեքսանդր Տումա որդւոյն, Աշոտ Աղապապեանի, Տան Պրաունի, Էրիխ Մարիա Ռեմարքի, Կոստան Զարեանի, Խալետ Հոսէյնիի, Ռուբէն Եսայեանի, Ուիլիամ Սարոյեանի եւ այլ հեղինակներու վէպերը։ Լաւագոյն տասնեակի առաջին երեք գիրքերն են Րաֆֆիի «Խենթը», Աշոտ Աղապապեանի «Յովազ 1-2»-ը եւ Նար Դոսի «Սպանուած աղաւնին»։

Գրադարաններուն մանկական բաժիններուն մէջ ամէնէն բարձր պահանջը ունին Յովհաննէս Թումանեանի «Հեքիաթները», Ղազարոս Աղայեանի «Անահիտ», Հատսոն Պառնէթի «Խորհրդաւոր պարտէզ», Ճոն Կրինի «Աստղերն են մեղաւոր», Էքզուփերիի «Փոքրիկ իշխանը», Օլեշայի «Երեք հաստլիկները», Ռովալտ Տալի «Չարլին եւ տուրմի գործարանը», Վախթանգ Անանեանի «Յովազաձորի գերիները» եւ այլ գիրքեր։