ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

«Հայ գրականությունը թարգմանություններում» շարքի նոր գրքերը

սպտ 09, 2024 Նորութիւններ

օլօլօլ

Առաքել Սեմիրճեանը իր «Կապտահեր Կէօրէս» վիպակը Չարենցի «Երկիր Նայիրիի» հայելային արտապատկերը կը համարէ՝ անճանաչելիութեան աստիճան լղոզուած. «... դարերու խորքէն զգացածս նոյնն եղած է, ինչ բանաստեղծը կը զգար իր հայրենի քաղաքի կորուստի տարիներուն...»։ Ջեսահի առաջին գիրքի՝ «Անանկենդան» վէպի հերոսը օտար քաղաք Լոնտոնի մէջ կը կռիւ կը մղէ, կը փորձէ գտնել ինքզինքը։ Գրիշ Սարդարեանի առաջին գիրքն ալ «Եսաւ» պատմուածքներու ժողովածոն է։ «Եսաւի հետքը պիտի գտնեմ, եթէ անգամ ստիպուած ըլլամ 19-րդ դար վերադառնալ»,- ըսած է համանուն պատմուածքին հերոսը։

Ժամանակակից հեղինակներու վերոնշեալ գիրքերը թարգմանուած եւ հրատարակուած են ռումիներէն. երեք գիրքերու պարագային ալ ռումինական «Integral» հրատարակչութիւնը պահպանած է բնագրին կազմը։ Գիրքերը լոյս տեսած են «Հայ գրականութիւնը թարգմանութիւններուն մէջ» ծրագրի շրջանակէն ներս՝ ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի համակարգմամբ։ Այս դրամաշնորհային ծրագրով ռումիներէն թարգմանուած են նաեւ Գուրգէն Մահարիի «Այրուող այգեստանները», Վահագն Գրիգորեանի «Ժամանակի գէտը», Անոյշ Սարգսեանի «Անոն», Գրիգի «Յիսուսի կատուն», Գուրգէն Խանճեանի «Ենոքի աչքը», Յովիկ Աֆեանի «Կարմիրը»։