Հեռախոսահամար
դկտ 10, 2025 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ

Հայաստանի ազգային գրադարանի հաւաքածոն կը շարունակէ համալրուիլ կարեւոր ու արժէքաւոր հայագիտական ուսումնասիրութիւններով։ Բանաստեղծ, հայագէտ, լեզուաբան, Փարիզի Սորպոնի Համալսարանի հոգեբանութեան դոկտոր, Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկի (INALCO) հայագիտութեան մագիստրոս Հիլտա Քալֆայեան-Փանոսեանը իր մակագրութեամբ գրադարանին նուիրած է «Les "Justes" face au génocide des Arméniens» աշխատութիւնը։ Առաջաբանը՝ Վենսան Տիւքլէր, հրատարակիչ՝ Kirk Publishing:
Հիլտա Քալֆաեան-Փանոսեանի «Արդարները»՝ ընդդէմ Հայոց ցեղասպանութեան գիրքը կ’անդրադառնայ 1915 թուականին հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան քիչ յայտնի, նոյնիսկ անտեսուած կողմին։
Խօսքը բոլոր անոնց մասին է, որոնք այդ ողբերգական ժամանակաշրջանին օգնեցին, փրկեցին, ապաստան տուին, բուժեցին հայերը։ Անոնք դանիացիներ են, շուետացիներ, նորուեկացիներ, ամերիկացիներ, ֆրանսացիներ եւ ուրիշներ։ Հիացմունքի արժանի կանայք ու տղամարդիկ, որոնք, հետեւելով միայն իրենց խղճի ձայնին, ոմանք նոյնիսկ կեանքով հատուցելով՝ օգնեցին հայերուն։ Գիրքը շուտով հասանելի պիտի ըլլայ ընթերցողներուն եւ հետազօտողներուն։
