ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայագիտական նոր համալրում

դկտ 10, 2025 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ

IMG-0387-1-1

Հայաստանի ազգային Գրադարանը համալրուած է երկու արժէքաւոր հայագիտական հրատարակութիւններով։ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ, գերաշնորհ տէր Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը Հայաստանի ազգային գրադարանին նուիրած է «Հասկ» հայագիտական տարեգրքի «Նոր Շրջան, ԺԴ. (2024–2025)» հատորը։ Հայագիտական բարձրարժէք ուսումնասիրութիւններ ընդգրկող այս ծաւալուն (647 էջ) հրատարակութիւնը լոյս տեսած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ խմբագրուած է գերաշնորհ տէր Շահան արքեպիսկոպոս սրբազանի կողմէ։

Տարեգիրքը կը ներառէ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայագէտներու 25 գիտական ուսումնասիրութիւններ, որոնք խմբուած են հետեւեալ բաժիններով՝

- Նիկիոյ Ա. տիեզերական ժողովի 1700-ամեակը,

- Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը,

- Մատենագրութիւն, արխիւ եւ պատմութիւն,

- Երաժշտական աւանդոյթներ ու հարցադրումներ։

Տարեգրքին նոր հատորը նուիրուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական գահակալութեան 30-ամեակին եւ կ’ընդգծէ կաթողիկոսութեան բազմաշերտ հայագիտական առաքելութիւնը։ Միւս արժէքաւոր հրատարակութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. սրբազնագոյն վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 30 տարիներու առաքելական գործունէութեան նուիրուած պատկերագիրքն է։ Երկլեզու (հայերէն, անգլերէն) այս ծաւալուն աշխատութիւնը (աւելի քան 400 էջ) կը ներկայացնէ վեհափառի գործունէութեան առանցքային ոլորտները։

Հատորին մէջ տեղ գտած են՝

- ընտրուած պատկերներ՝ ուղեկցուած հակիրճ տեղեկութիւններով,

- կարեւոր նախաձեռնութիւններու եւ իրադարձութիւններու յիշատակումներ,

- վեհափառ հայրապետի պատգամներէն մէջբերումներ։

Պատկերագիրքը կ’ընդգծէ Արամ Ա. կաթողիկոսի առաջնորդութեան առանձնայատկութիւնները՝ ներկայացնելով ինչպէս անոր անձնուրաց ծառայութիւնը, այնպէս ալ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան հիմնարար ուղղութիւնները։ Հրատարակութիւնները շուտով հասանելի պիտի ըլլան ՀԱԳ ընթերցողներուն։