ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հանրային դասախօսութիւն | Սամուէլ Պօղոսեան «Որոգայթ փառաց - 250»

օգս 14, 2023 Միջոցառումներ-arm Հանրային դասախոսություններ

Հայաստանի ազգային գրադարանը, Թանգարաններու միջազգային օրը, հայերէն առաջին տպագիր սահմանադրութեան՝ «Որոգայթ փառաց»-ի 250-ամեակին նուիրուած հանրային դասախօսութիւն մը կազմակերպած էր։   
Բանախօսը՝ Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր Սամուէլ Պօղոսեանը, խօսեցաւ հնդկահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ Շահամիր Շահամիրեանի, անոր զաւկին՝ Յակոբ Շահամիրեանի, հայ ազատագրական պայքարի գործիչ Յովսէփ Էմինի, Մատրասի խմբակի միւս անդամներուն ազգանուէր գործունէութեան մասին։   
Սամուէլ Պօղոսեանը անդրադարձաւ աշխարհի մէջ առաջին սահմանադրական նախագիծի՝ «Որոգայթ փառաց»-ի («Գիրք անուանեալ Որոգայթ փառաց») ստեղծման նախադրեալներուն։  
Մանրամասն ուսումնասիրելով հայ ժողովուրդին անցած ուղին, կրած պարտութիւնները՝ հայ լուսաւորիչները եզրակացուցած էին, որ ատոնց հիմնական պատճառը հայ ազգին տգիտութիւնն ու անմիաբանութիւնն է: Լուսաւորիչները համոզուած էին, որ հայերը օտար գերութենէն կրնան ազատագրուիլ միայն քաղաքական անկախութեան, սեփական ազգային պետութիւն ստեղծելու միջոցաւ. «Ձեզի համար ընտրեցէ՛ք բարի օրէնքներ` ապրելով ու կախման մէջ մնալով ձեր օրէնքներէն, վասնզի ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենայ իշխելու ձեզի՝ բացի ձեր օրէնքներէն»։  
«Որոգայթ փառաց»-ը՝ Մատրասի խմբակի ծրագրային երկը, հայ իրաւունքի կարեւորագոյն փաստաթուղթերէն մին է, որուն մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի իրականութեան մէջ կը ներկայացուի սահմանադրական իրաւունքի կանոններուն ամբողջական եւ կանոնակարգուած համակարգը՝ ընդհանրացնելով հայ եւ համաշխարհային հասարակական միտքը, ինչպէս նաեւ պետական նոր մտածողութեան սկիզբ դնելով։ 

Audience_1-1 

«Որոգայթ փառաց»-ը ընդհանուր առմամբ, այսօրուան պատկերացմամբ, ոչ միայն սահմանադրութիւն է, այլ նաեւ՝ ընտրական օրէնսգիրք, քրէական օրէնսգիրք, քաղաքացիական օրէնսգիրք, վարչական օրէնսգիրք, ընտանեկան օրէնսգիրք, հարկային օրէնսգիրք, աշխատանքային օրէնսգիրք, զինուորական կանոնագիրք, խորհրդարանի կանոնակարգ, պատերազմ վարելու, գերիներու հետ վարուելու, կրթական, մշակութային ծրագիր, ամուսնական, կրօնական վարքականոն, պահակային հերթապահութեան կանոններ, փողոցները անուանելու, տուները համարակալելու, աղբահանութիւնը կարգաւորելու ուղեցոյց եւ այլն:  
Մատրասի մէջ հրատարակուած «Որոգայթ փառաց»-ը 18-րդ դարու 2-րդ կէսի հայ լուսաւորական մտքի եւ յառաջադիմական գաղափարներուն արժէքաւոր վաւերագիրն է։ 18-րդ դարավերջի հրատարակութենէն զատ, գիրքը վերահրատարակուած է 1913 թուականին, Թիֆլիսի մէջ։ 2002 թուականին՝ Հայաստանի սահմանադրական իրաւունքի կեդրոնի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսաւ նաեւ ժամանակակից արեւելահայերէնով։  
«Որոգայթ փառաց»-ը կը ցուցադրուի Հայաստանի ազգային գրադարանի Գրատպութեան թանգարանին մէջ։ Ի դէպ, տարին յոբելենական է ոչ միայն «Որոգայթ փառաց»-ի, այլ նաեւ ատոր հեղինակի՝ Շահամիր Շահամիրեանի համար. այս տարի կը լրանայ ազգանուէր գործիչին ծննդեան 300-ամեակը։